ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՇԵՇՏԸ ԿԸ ԴՆԷ ՍՈՒՐԻՈՅ ԿՈՂՄԷ ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄՆԵՐ ԻՐԱԳՈՐԾԵԼՈՒ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ

Քեթրին Էշթըն

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձրագոյն ներկայացուցիչ Քեթրին Էշթըն Պրիւքսելի մէջ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին ընթացքին յայտարարեց, որ «Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ Ապահովութեան խորհուրդի եւ Թուրքիոյ հետ Սուրիոյ կացութեան հարցով գործակցութիւնը»: Ան մերժեց Դամասկոսի նկատմամբ եւրոպական հակազդեցութեան դանդաղութեան մասին խօսքերը` նշելով, որ Միութիւնը կը շարունակէ գետնի վրայ ունենալ պատուիրակութիւն մը, որ Սուրիոյ մէջ բոլոր կողմերուն հետ կը շարունակէ աշխատիլ:

Էշթըն վերահաստատեց Դամասկոսի նկատմամբ Եւրոպական Միութեան «հաստատ եւ յստակ» կեցուածքը, թէ «մենք յստակ կերպով ըսինք, որ բռնարարքը պէտք է դադրեցնել եւ ընդդիմութեան բոլոր ուժերը ներառող ազգային երկխօսութեան դիմել» նշելով, որ «քանի մը օր առաջ սկսած երկխօսութիւնը պէտք եղած մակարդակին վրայ չէր գտնուեր»:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ իր կարգին յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ պէտք է իր երկրին մէջ բարեփոխումներ կատարէ կամ ալ հեռանայ իշխանութենէն: Ան կոչ ուղղեց Ասատի դէմ պատժամիջոցները խստացնելու:

Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովը Սուրիոյ կոչ ուղղեց վերջ տալու բռնարարքներուն` իբրեւ նախապայման ազգային համապարփակ երկխօսութեան:

Միւս կողմէ, ամերիկեան ազդեցիկ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը իր երէկուան թիւով մէջբերելով ամերիկեան վարչակազմէն աղբիւրներ հաղորդեց, որ «Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի այն յայտարարութիւնը, թէ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ իր օրինականութիւնը կորսնցուց», յանպատրաստից էր եւ առանց ամերիկեան վարչակազմի տեղեկութեան»:

Աղբիւրը նաեւ օրաթերթին նշեց, որ «Դամասկոսի մէջ ամերիկացի դեսպանին Համայի նահանգ այցելութիւնը անձնական նախաձեռնութեամբ կատարուեցաւ եւ առանց ամերիկեան վարչակազմը տեղեակ պահելու»:

Մինչ այդ, սուրիական «Ուաթան» օրաթերթը հաղորդեց, որ Դամասկոսի մէջ Քաթարի դեսպանատունը, իր առջեւ սուրիացի երիտասարդներու կողմէ քաթարական «Ժազիրա» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանի սուրիական իրադարձութեանց շուրջ կատարած տեղեկատուութեան դէմ բողոքի ցոյցէն ետք անյայտ ժամանակով սառեցուցած է իր աշխատանքները:

Երէկ աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ Քաթար Սուրիոյ մէջ իր դեսպանը տուն կանչած է:

 

Share this Article
CATEGORIES