Հայկական Ֆութպոլ. Դարբինեանի Վերադարձը Արարատ
Նախորդ շաբաթավերջին Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մասնակից խումբերուն մէջ կատարուեցաւ մարզական 2-րդ փոփոխութիւնը, երբ Արարատի սերպ մարզիչ Տուշան Միյիչին փոխարինեց փորձառու մասնագէտ Սամուէլ Դարբինեան:
Ընդհանրապէս Արարատի կազմին մէջ մարզիչի փոփոխութիւնները բաւական շատ են: Հայաստանի վերանկախացումէն ետք այս ակումբին մէջ կատարուեցաւ մարզիչի 16-րդ փոփոխութիւնը, կը յայտնէ ArmSport.am:
19 տարի ետք Սամուէլ Դարբինեան վերադարձաւ Արարատի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնին, եւ իր առաջին իսկ մրցումին խումբը յաղթանակ մը արձանագրեց:
Ան առաջին անգամ իր այս պաշտօնը ստանձնեց 1994-ի տարեշրջանէն ետք, երբ խումբի գլխաւոր մարզիչ Արմէն Սարգսեան դեկտեմբերին ընտրուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ:
Արարատի հետ Դարբինեան ունեցաւ բաւական լաւ յաջողութիւն:
1993-ին Արարատ հանդիսացաւ Հայաստանի ախոյեան, 1993-1994-ին` Հայաստանի կրկնակի բաժակակիր, իսկ 1994-ին` պրոնզէ մետալակիր:
ArmSport.am իր լուրը կ՛եզրափակէ նշելով, որ վերջին տարիներուն Դարբինեան Իրանի մէջ ստանձնած էր բարձրագոյն դասակարգի խումբերու մարզիչի պաշտօնը:

