ՔԻ ՄՈՒՆԻ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐԸ ՊԻՏԻ ՈՂՋՈՒՆԷ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆԸ

Քուէյթեան «Քունա» լրատու գործակալութիւնը` իր տեղեկութիւնները քաղելով դիւանագիտական վստահելի աղբիւրներէ, հաղորդեց, որ յառաջիկայ հինգշաբթի օր ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի ներկայացնելիք տեղեկագիրը` Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան մասին, պիտի ողջունէ նաեւ Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կողմէ:

Նոյն լրատու գործակալութեան համաձայն, տեղեկագիրը կոչ պիտի ուղղէ Լիբանանին գործադրելու միջազգային բանաձեւերը, յատկապէս` թիւ 1701 բանաձեւը:

«Քունա» կը հաղորդէ, որ Քի Մունի տեղեկագիրը պիտի անդրադառնայ նաեւ անցեալ 27 մայիսին Ռմէյլէի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի մաս կազմող իտալական ջոկատին դէմ գործուած ականահարումին:

Share this Article
CATEGORIES