Կիրակի, 2 Նոյեմբերին. «Աքուաթլոն-2014»-ը` «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի Մէջ
Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի կիրակի, 2 նոյեմբեր 2014-ին, տեղի պիտի ունենայ «Աքուաթլոն-2014»-ի մրցաշարքը, վերոնշեալ ակումբին մէջ` Քասլիք, հովանաւորութեամբ «Սփոր Էքսփիր»-ի եւ «Քոմըրշըլ Ինշուրընս»-ի:
Տեղի պիտի ունենան լողարշաւի եւ վազքի բաց մրցումներ` հետեւեալ չորս դասակարգերուն (տղաք եւ աղջիկներ) մէջ. 10-14 տարեկան, 15-18, 19-39 եւ 40 տարեկան եւ վեր:
Մրցանակակիրները տիտղոսներու տիրանալէ բացի պիտի ստանան նաեւ նիւթական պարգեւներ:
Արձանագրութիւնները տեղի կ՛ունենան «Թրիաթլոն շոփ» (Զուք Միքայէլ) վաճառատան մէջ, ինչպէս նաեւ «Սփոր Էքսփիր»-ի բոլոր մասնաճիւղերուն մէջ: (Վերջին պայմանաժամ` կիրակի, 19 հոկտեմբեր):
Կարելի է կապ հաստատել նաեւ հետեւեալ թիւերէն մէկուն հեռաձայնելով. 03-341245 եւ 78-903444:
CATEGORIES Մարզական

