Ճամբան Կը Տանի Դէպի Արեւ Քաղաք

ՄԱՐԻՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Աբու Մահարին արծուի նման աչքերն անքթիթ` արեւին յառած,
Թռչում էր աննինջ հոգին լուսարբած և երանութեան ջահերով վառուած:

Թռչում էր անդուլ` յաղթական ու վեհ, դէպի արեւը, անմահ արեւը…

                                                                                                 ԱՒԵՏԻՔ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ

MB_garavanՄեր կարաւաններուն առնելիք ուղղութիւնները աւազահողմին յանձնուած է արդեօք… մենք եւ մեր կարաւանները, տրուած ահարկու պտուտահողմի պարեղանակին, փակած մեր աչքերն ու բերանները,որ շարունակենք  նուազագոյնս մնալ անվնաս, ոլորապտոյտ հողմէն:

Ի՞նչ դիրքորոշում որդեգրել:

Արծիւի մը սլացքը եթէ խափանուէր աւազահողմի ելեւէջներէն, կը տկարանա՞ր, արագ դէպի վեր խոյանալով` իր ընթացքը կը փոխէ՞ր, թէ՞ կը պայքարէր հողմին հետ…

Արծիւը նախ պիտի անջատուէր հողմավար մթնոլորտէն, ետքը առանձնանար լերան մը կատարին, զննէր ինքզինք` հողմը հանդարտելէ ետք կրկին վերադառնալու համար…

Ընդհանրապէս արծիւները իրենց միջին տարիքին կը տկարանան եւ վերանորոգուելու կարիք կը զգան… կը ստուգեն իրենց շարժող ճիրաններն ու կտուցը: Մեծ ճիգերով ,ցաւով ու տառապանքով կը պոկեն տկարացած մագիլները, կտուցը հաստցած փետուրները քաշելով` կը սպասեն, որ անոնք նորերով փոխարինուին: Այս ցաւատանջ փոխակերպումը ամիսներու կը կարօտի:

Մարդը, ի տարբերութիւն արծիւին, անկարող է առանձին ապրիլ, ան շատ աւելի մեծ պատասխանատուութիւն ունի քան` անապատի իշխանը:

Պէտք է զօրանայ դիմագրաւելու համար պատերազմը, կամ` անապատային պտտահողմերը, որոնք կը սպառնան ճամբայ ելած իր կարաւանին: Կեդրոնանալ` հայեացքը  կարենալ սրելու, նպատակակէտին անքթիթ պահելու, լսողութիւնը լարելու` ուղղութիւնը որոշելու համար…

Կարաւանի օրէնքներէն մին է, որ տկարները հանդարտօրէն քալեն խնամատարներու  օգնութեամբ, իսկ աւելի դիմացկունները առջեւէն ու եզերքներէն` պաշտպանելու համար մնացեալը: Երէցներէն մաս մըն ալ մեկնակէտին  հսկեն, ամբողջովին այնտեղ մնացածները կամ վատուժները զօրացնեն, որոնք անկարող են ճամբայ ելլելու…

Համաշխարհային պտուտահողմը կը սպառնայ բոլորին` անապատացած երկրի բնակիչներուն, մանաւանդ` անօգնական փոքրամասնութիւններուն, որոնց կեանքերը կախուած են տարբեր իշխանութիւններու քմահաճոյքներէն: Մարդ-արծիւը որո՞ւ դէմ բողոքէ, նոյնիսկ եթէ իր մագիլները սրած է, փետուրները նորոգած, բիբերը նպատակակէտին ուղղած, իսկ հայեացքը` դէպի հեռու աշխարհ մը, արեւի, կեանքի երազով լեցուն կը քալէ անօգնական` կառչած արեւէն եւ աստղերուն լոյսէն…

Մաարաթ Ալ Նուըման, որ Ապու Լալա Մահարիի ծննդավայրն ու հայրենիքն էր, այնտեղ եւ անոր մօտակայ գիւղերու բնակիչները այժմ անմխիթար եւ անպաշտպան վիճակի մէջ են, ինչպէս` ասկէ հազար տարիներ առաջ: Ապուլ Լալայի  երեւակայական կարաւանը` Իսահակեանի կողմէ ստեղծուած, սկիզբ կ՛առնէ այս վայրէն` Մաարայէն հասնելու Պաղտատ, պտտելու աշխարհով մէկ, ետքը իր պանդխտութեան ցուպով Մահարին կրկին վերադաձնելու մեկնակէտ:

Իսկ մեր կարաւա՞նը. անիկա թէեւ կ՛անցնի Մահարիի հայրենիքէն,սակայն կու գայ շատ հեռուներէն, վաղնջական դարերէ եկած քամիներու ընկերակցութեամբ «պանդխտութեան ու տանջանքի սիրահար իր բնակիչներով, կը քալէ դարերուն հետ: Տէրզօրեան մեծ կանգառին յօշոտուելու, կրկին յօշոտուելու, արիւնաքամ դառնալու համար,այնտեղ  ձգելու իր տանջամահ եղած մարմնի անդամները,երկնքի տակ, բաց գերեզմանին մէջ,անկափարիչ, անառաստաղ: Մարդ-գիշատիչներ կը փորձեն, անգամ ամփոփուած աճիւններն ու  անոնց հետքը ջնջել երկրի երեսէն, անկենդան աճիւնն անգամ վախ կը պատճառէ դահիճներուն: Բայց ամէն անգամ նոր ծնունդներով կ՛ընձիւղուին  կարաւաններ,կը կենդանանան չորցած ոսկորներ, որոնք կը  յուսալքեն ոչ միայն թշնամիները, նաեւ` կործանարար քամիները, որոնք կրնան մաշեցնել անկենդան ոսկորներն անգամ:

Կարաւաններուն  բազում աչքերը  միշտ ալ զմայլած են  սարերով, արեւով, ովկիանոսներով, օտար հորիզոններով:

Ժամանակաւոր Հեռացու՞մ, Թէ՞ Ետդարձի
Կարաւաններ Ալ Գոյութիւն Ունին…

Արծիւները, անապատի խոհուն իշխողները, արդեօք կը նայի՞ն ետեւ իրենց երբեմնի բոյներուն,հայրենիքներուն, ԿԸ ՓՈԽԵ՞Ն իրենց հայրենիքները, թէ կը մնան հաւատարիմ անոնց…

Աւելի քան հազար տարիներ առաջ նոյն քաոսը կը տիրէր, երբ Ապու Լալա Մահարին Մաարաթ Էլ Նուըմանի կոյր խոհափիլիսոփայ արաբ մեծատաղանդ բանաստեղծը կ՛ապրէր նոյն այս ներկայ վայրերուն մէջ, Հալէպ քաղաքէն ոչ շատ հեռու, ուր այժմ տեղի կ՛ունենան անմարդկային բռնարարքներ: Բանաստեղծը իր ընդվզող խառնուածքով Հալէպի էմիրներէն կը դժգոհի, կը գանգատի անոնց անարդարութեանց եւ վատ պահուածքին համար:

Գուսանները  ընդհանրապէս կ՛ուղղուէին դէպի Արեւելքի հեքիաթային երկիրներ, Մահարին կը դիմէ Պաղտատ, այն ժամանակուան գիտութեան մեծագոյն քաղաքներէն մին, որուն գրադարանները գրականութեան եւ գիտութեան հազուագիւտ գոհարներ կը պարունակէին, որոնք հետագային կ՛ոչնչացուին ամէնէն վայրագ ձեւերով` օսմանցի թուրք ծայրայեղականներու կողմէ: Օսմանական բանակը Տիգրիս գետին մէկ ափէն միւսը հեզասահօրէն անցնելու համար Պաղտատի գրադարանի հազուագիւտ ձեռագիր մատեանները, արաբ բանաստեղծներու, գիտնականներու, ինչպէս` Իպն Սինայի հսկայ ժառանգութիւնը, գետը  կը լեցնէ` իբրեւ յենարան անցուղի` իր բարբարոս զինուորներուն համար:

Կրկին ծայրայեղական խմբաւորումներու թիրախ է Միջագետքը, կրկին` աւերակ, թալան եւ ջարդ… գայլեր իրենց ամբողջ ուժով, կ՛ոռնան    անապատացած ու արիւնաքամ տարածքներուն վրայ.

Ու մեր  յոգնատանջ, հինաւուրց  կարաւանները  սարսափահար կ՛ուղղուին դէպի Արեւմուտքի անհեքիաթ մնացած, հոգեկան ամայութեամբ տառապող երկիրները… գերկիրներ`  հետաքրքրութիւն  շարժող,երեւակայութիւն  դիւթող,եդեմական բուրմունքով մեր զաւակները մեզմէ խլող…

Արեւելքցի հայ մարդուն համար Արեւմուտքը  ծննդավայր չէ, ո՛չ ալ հայրենիք…

Գիշերը մինչ Արեւելքը իր ցնցող երազներով կը մրափէ, Արեւմուտքի մէջ արեւը կը ճաճանչէ  պսպղուն ու խաբուսիկ  շողերով: Սուրիական կարաւաններ  գաղտագողի կը հեռանան Արեւելքէն: Հայաշատ թաղամասեր կը նուան իրենց  դռներուն փակման  վերջին ճռինչներով…

Բարիքներով լեցուն մեր ափերը, բերքաշատ սեղաններն ու մառանները կը դատարկուին,  ու մենք ձեռնունայն, քշուած հողմերէն,կը խարխաբենք մեր տատանող կարաւաններու միջնաբերդին մէջ,անզէն եւ ուժասպառ…

Վերջին անգամ մեր երազկոտ ու արցունքոտ աչքերով  կը նայինք մութին մէջ, անգամ  ցերեկուան մէջ կորսուած մեր քաղաքին.

Կը թախծին կարաւաններ, հայեացքները յառած անյայտ հեռուներ, հոգիներուն մէջ դառն ու անուշ յուշեր:

Անքէն կարաւաններ, անբարեւ հայեացքներով, վերապահ ու կամայազուրկ հոգիներ… անյագ կարօտը սեղմած լացող կրծքին, հոգիին մէջ տարտամ ու հանգչող երազ, վատնուած սէրեր, յոգնած կանգառներով: Խաղաղութեան, ազատութեան տենչանքով տակաւին կը շարունակէ կարաւանը իր լալահառաչ երթը:Ետեւ ձգած հարազատներով   կը կոտտայ, կը տուայտի շղթաներու քերծուածքէն, անոր ուղեւորները անքակտելի կապով կապուած են իրենցմէ ետեւ եւ հեռուն մնացած ծննդավայրի հարազատներուն… հազար թելերով  կապուած`  իր արմատներուն, պապենական հողին,ծննդավայրին, որոնց գոյութիւնը կու գայ յիշեցնելու որ  կարաւանի ուղեւորը ազատ չէ իր առնելիք ուղղութիւններուն եւ որդեգրելիք նպատակակէտին մէջ: Ստացած վէրքերը պարտաւոր է լուալ միշտ մօտակայ ովասիսի մը մէջ, որուն ջուրը կուտակուած ըլլայ  իր իսկ հայրենիքի ջրային ընդերքներէն: Ու պարտաւոր է օրն ի բուն իր արեւի կողմնացոյցը զետեղել հայրենեաց կերպին ու սրբարանին ուղղութեամբ: Մինչեւ վերջնական կանգառ, հանգրուան:

Ու հայրենիքէն եւ աւերակ ծննդավայրէն տակաւին ձայն  կը հնչէ:

Կանգնի՛ր, կարաւա՛ն…

Աւազի դեղին մաղձին մէջ բուքահողմը կու գայ ըսելու` Եգիպտոսէն ելքի պէս եղաւ ձեր ծննդավայրէն ելքը դէպի Աւետեաց Երկիր, միայն ուշադիր` քառասուն երկար տարիներ չմնաք Մովսէսին եւ իր ժողովուրդին պէս աւազահողմերուն մէջ կորսուած…

Աշխարհի աղմուկը չլսելու, պատերազմի ճողող ու սաստկացող ահարկու հեւքէն հեռու մնալու համար մութին մէջ ծածկուած կարաւանը կը փորձէ ուղղուիլ դէպի արեւ քաղաք, դէպի արեւ հայրենիք, հեւքով  կը սլանայ գտնելու իր  լոյսի աղբիւրը:

Share this Article
CATEGORIES