Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Իժթիմահի

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, յաջորդաբար երկրորդ մրցումն ըլլալով ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը իր մրցումը կը կատարէ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, երբ այսօր յետմիջօրէին ժամը 15:30-ին կը հիւրընկալէ Իժթիմահին:

Ինչպէս ծանօթ է, ՀՄԸՄ յաղթանակով սկսաւ նոր տարեշրջանը, երբ նախորդ կիրակի 2-1 արդիւնքով յաղթեց Մապարրային:

Իր կողքին ունենալով իր համակիրները` ՀՄԸՄ փաստեց, որ նոյնիսկ Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն կրնայ լեցնել դաշտին թրիպիւնները:

Անոնց քաջալերանքին շնորհիւ, ՀՄԸՄ տպաւորիչ մրցում մը կատարելով ապահովեց տարեշրջանի իր առաջին երեք կէտերը:

Բնականաբար, ասիկա կը նկատուի գովասանքի արժանի կէտ մը, որուն արդէն իսկ անդրադարձաւ լիբանանեան մարզական մամուլը` ՀՄԸՄ-ի արձանագրած յաղթանակէն ետք:

Սակայն կայ մետալին միւս երեսը, որ նոյնքան կարեւոր է եւ պէտք է սրբագրուի բառին իսկական առումով:

Եթէ ՀՄԸՄ-ի համակիրները կը մտածեն խումբին շահերուն մասին եւ չեն ուզեր, որ անոր վնաս հասնի, պէտք է ըլլան զուսպ, կիրքեր չհրահրեն եւ չհայհոյեն օրուան իրաւարարներուն, մրցակից կազմին մարզիկներուն եւ համակիրներուն:

Ասիկա նախ եւ առաջ կ՛ըլլայ ի վնաս ակումբին շահերուն:

ՀՄԸՄ-ի համակիրները պէտք է հասկնան եւ թերեւս շատեր ալ տեղեակ չեն, որ եթէ իրաւարարին հասցէին հայհոյանք մը ուղղուի, ֆետերասիոնին կողմէ այս մրցումին հսկող նշանակուած անձը իր տեղեկագիրին մէջ պիտի գրէ, որ ՀՄԸՄ-ի համակիրները հայհոյեցին իրաւարարին:

Ֆետերասիոնը այդ դէպքին մասին տեղեկանալէ ետք անմիջապէս պիտի սահմանէ տուգանքը, ինչ որ ակումբին եւ միութեան վնաս կը հասցնէ (բան մը, որ արդէն իսկ կատարուեցաւ այս շաբաթասկիզբին):

Եթէ համակիրները ըլլան կրքոտ, ատիկա դաշտին վրայ պիտի ազդէ նաեւ մարզիկներուն վրայ, որոնք իրենց կեդրոնացումը մրցումէն կրնան շեղել եւ պարտութիւն կրել, ինչ որ դարձեալ կ՛ըլլայ ի վնաս խումբին:

Այս բոլորէն մեկնելով` ՀՄԸՄ-ի համակիրները պէտք է մեկնին դաշտ եւ միայն քաջալերեն իրենց խումբին մարզիկները, որովհետեւ խումբը պէտք ունի անոնց քաջալերանքին` լաւ ներկայացում մը կատարելու համար:

Share this Article
CATEGORIES