ԱԺՈՒՊԱԼԻՍ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ, ՎՐԱՍՏԱՆ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահ, Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարար Աունտրոնիուս Աժուպալիս յաջորդ շաբաթ պիտի այցելէ Ազրպէյճան, Վրաստան եւ Հայաստան` իշխանութիւններու եւ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ քննարկելու համար Հարաւային Կովկասի մէջ ԵԱՀԿ-ի գործունէութիւնը եւ 2011-ին Լիթուանիոյ նախագահութեան ներքեւ կազմակերպութեան առաջնահերթութիւնները:

ԵԱՀԿ-ի տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, շրջանին մէջ սառեցուած տագնապներու խնդիրը Լիթուանիոյ նախագահութեան առաջնահերթութիւնն է եւ այցելութեան ընթացքին Աժուպալիս պիտի քննարկէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթը:

Աժուպալիս Երեւան պիտի գտնուի 17 եւ 18 մարտին` Պաքու եւ Թիֆլիս այցելելէ ետք:

Share this Article
CATEGORIES