Գաղութէ-Գաղութ
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Բերիոյ Թեմի Հոգեւոր Առաջնորդը Օրհնեց
Ազգային Վարժարաններու Աշակերտները
Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան, Ազգ. վարչութեան անդամներուն ընկերակցութեամբ, հոկտեմբեր 3-ին, այցելեց Հալէպի Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի, Սահակեան, Զաւարեան, Հայկազեան եւ Կիւլպէնկեան վարժարաններու աշակերտութեանց:
Շահան սրբազան օրհնեց, քաջալերեց աշակերտները, գնահատեց անոնց պարտաճանաչ հետեւողականութիւնն ու ժրաջան աշխատանքը, ապա հանդիպում ունեցաւ վարժարաններու ուսուցիչներուն, հոգաբարձութեանց եւ անոնց հետ զրուցեց ուսումնական ընթացքին եւ ընդհանուր դժուարութիւններուն մասին:
«Սիմոն Վրացեան» Կեդրոնը Պատուեց
Հալէպի Ազգային Վարժարաններու
Ուսուցիչներն Ու Պաշտօնէութիւնը
Նկատի ունենալով Սուրիոյ պատերազմական իրավիճակը եւ մասնաւորապէս Հալէպի անապահով կացութիւնը, ուր իբրեւ հայ գոյատեւելու եւ դաստիարակելու պարտականութիւնը կրկնակի ծանր է, 2014-2015 կրթական տարեշրջանը բարձր տրամադրութիւններով եւ քաջալերանքով դիմաւորելու համար «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնի խնամակալութիւնը Ազգային վարժարաններու` Քարէն Եփփէ Ազգային ճեմարանի, Զաւարեան, Սահակեան, Հայկազեան եւ Կիւլպէնկեան վարժարաններու ուսուցչական կազմերուն եւ պաշտօնէութեան յանձնեց ծաղիկներ:
Յունաստան
Հայ Մշակոյթի Երեկոյ Նէա Զմիռնիի
«Իոնիքես Եորթես» Փառատօնի Ծիրին Մէջ
Սեպտեմբեր 27-ին Նէա Զմիռնիի պուրակի կանաչապատ բացօթեայ թատրոնին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդութիւն դարձած «Իոնիքես Եորթես» փառատօնը, որուն ընթացքին անգամ մը եւս տիրապետեց հայ երաժշտութիւնը:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Մարալ Գույումճեան, որ շեշտեց, թէ մշակոյթը համամարդկային հաղորդակցութեան լաւագոյն միջոցն է, տարբեր ազգութիւններու լեզուները շաղկապող ազդակ, նաեւ լուսաւոր եւ ջերմ ուժն է, որ մարդոց զիրար կը մօտեցնէ, նաեւ մարդը կը մօտեցնէ իր իսկ ինքնութեան: Ան նաեւ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին եւ Հայ դատի առանցքը կազմող խնդիրներուն:
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցան Համազգայինի «Նանոր» եւ «Նայիրի» երկսեռ պարախումբերը, որոնք պարուսոյց Էտկար Էկեանի հսկողութեան տակ պատրաստած էին յատուկ յայտագիր մը որ կը ներառէր կենդանի պատկեր, երգեր ու պարեր` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին:
Վրաստան
«Դէպի Հայք» Հասարակական Կազմակերպութիւնը
Ներկայացուց Իր Գործունէութիւնը
Սեպտեմբեր 28-ին վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կրթամշակութային եւ երիտասարդութեան կեդրոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ «Դէպի Հայք» հասարակական կազմակերպութեան շնորհահանդէսը:
Շնորհահանդէսը սկսաւ հիմնադրամի գործունէութեան մասին երկու տեսերիզներու ցուցադրութեամբ: Հիմնադրամի ներկայացուցիչներ Մարիաննա Վարդանեան եւ Բենօ Միշոյեան ներկայացուցին Միացեալ Նահանգներէն բարերար Էտիլ Յովնանեանին կողմէ հիմնադրուած եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ արձանագրուած ոչ շահութաբեր կազմակերպութեան գործունէութեան ծրագիրը, առաքելութիւնը եւ ձեռք բերած յաջողութիւնները:
Մարիաննա Վարդանեան կարեւոր նկատեց հայրենիքի հետ սփիւռքահայ երիտասարդներու կապը ամրապնդելու եւ Հայաստանի առօրեայ կեանքին մասնակցելու, կամաւորական աշխատանքի միջոցով հայրենիքի զարգացման գործին մէջ ներդրում ունենալու, երկարատեւ անձնական կապեր ստեղծելու եւ հայրենադարձութեան գործին օժանդակելու նպատակները: Անդրադառնալով իր գոյութեան 10 տարիներուն ընթացքին աշխարհի 32 երկիրներէ Հայաստան ժամանած հազար կամաւորականներու գործունէութեան` բանախօսը արժեւորեց այդ տարիներուն 65 հայորդիներու հայրենադարձութիւնը:
Անդրադարձ կատարուեցաւ կեցութիւնը ապահովելու, ընտանիքներու մօտ բնակելու, մայրենի լեզուն սորվելու, հայրենիքի տեսարժան վայրերը տեսնելու, ժողովրդական աւանդութիւններուն եւ սովորութիւններուն ծանօթանալու, աշխատանք գտնելու եւ, վերջապէս, հայրենիքի մէջ հաստատուելու համար հիմնադրամի ընձեռած հնարաւորութիւններուն եւ կոչ եղաւ 20-32 տարեկան թիֆլիսահայ երիտասարդներուն` ընդգրկուելու կազմակերպութեան գործունէութեան մէջ:
Քանատա
Քաղաքական Հանդիպումներ Օթթաուայի Մէջ
30 սեպտեմբեր 2014-ին Քանատայի Հայ դատի գրասենեակի տնօրէն Ռուբէն Գույումճեան եւ Քանատահայ քաղաքական յարաբերութեանց գրասենեակի տնօրէն Յակոբ Արսլանեան Օթթաուայի մէջ ունեցան քաղաքական հանդիպումներ Քանատա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան յանձնախումբի նախագահ Հարոլտ Ալպրեխթի եւ պաշտօնական ընդդիմութեան արտաքին յարաբերութեանց պատասխանատու` խորհրդարանական Փոլ Տիուըրի հետ:
Հանդիպումներու ընթացքին արծարծուեցան սուրիական տագնապին առնչուող եւ յատկապէս հայ ժողովուրդը յուզող վերջին իրադարձութիւնները: Քննարկուեցաւ 100-ամեակի Քանատայի կեդրոնական մարմինի քաղաքական բանաձեւի իրագործման աշխատանքը, ինչպէս նաեւ խօսուեցաւ նոյեմբեր ամսուն տեղի ունենալիք ձեռնարկի մը մասին, որուն ընթացքին քանատահայ համայնքի ներկայացուցիչներ առիթը պիտի ունենան հանդիպելու եւ զրուցելու Քանատայի խորհրդարանի անդամներու հետ:
Միացեալ Նահանգներ
«Հայերն Ու Յառաջդիմական
Քաղաքականութիւն»
Հիմնարկի Գիտաժողով
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական կոմիտէի եւ «Հայերն ու յառաջդիմական քաղաքականութիւն» հիմնարկի, 26-27 սեպտեմբերին «Էմ. Այ. Թի.» համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ գիտաժողով:
Առաջին օրուան յայտագրի բանախօսն էր Նաոմ Չոմսքի, որ Տէյվիտ Պարսամեանի հետ միասնաբար արծարծեց Թուրքիոյ ներկայ քաղաքական իրավիճակը:
Երկրորդ օրը կատարուեցան չորս տարբեր նիստեր. քարոզչական` մասնակցութեամբ փրոֆ. Լեւոն Չորպաճեանի եւ բեմադրիչ Քարլա Կարապետեանի, հայ-թուրք յարաբերութիւններ` մասնակցութեամբ փրոֆ. Ռոնըլտ Սիւնիի, Փիթըր Պալաքեանի, Մարք Մամիկոնեանի եւ Գերմանիայէն ժամանած Պիլկին Այաթայի, հատուցում` մասնակցութեամբ փրոֆ. Ումիթ Քուրթի, Էտվին Մինասեանի եւ Երեւանի ամերիկեան համալսարանէն ժամանած Թոմ Սամուէլեանի: Եզրակացութիւն. դէպի ո՞ւր կ՛ընթանանք` մասնակցութեամբ Պիլկին Այաթայի, Քարլա Կարապետեանի, Անդրանիկ Գասպարեանի եւ Թոմ Սամուէլեանի:
Նիստերուն ներկայ գտնուեցաւ յատկապէս երիտասարդներու հոծ բազմութիւն մը, որոնք մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեցին:
Լոս Անճելըս Գաւառի Ոստիկանապետի
Պաշտօնի Թեկնածուին Այցելութիւնը
Իրանահայ Միութեան Կեդրոն
Սեպտեմբեր 24-ին, Լոս Անճելըս գաւառի ոստիկանապետի պաշտօնի թեկնածու Ճիմ ՄըքՏանըլ այցելեց Լոս Անճելըսի Իրանահայ միութեան կեդրոնը եւ հանդիպում ունեցաւ միութեան խնամակալ մարմինին հետ:
Խնամակալ մարմինի ատենապետ իրաւաբան Արսէն Դանիէլեան յաջողութիւն մաղթեց թեկնածուին եւ զինք ծանօթացուց խնամակալ ու գործադիր մարմիններու անդամներուն:
Խնամակալ մարմինի անդամ եւ գործերու վարիչ Թոմիկ Ալեքսանեան եւ գործադիր մարմինի ատենապետ Սերժ Ադամեան տեղեկութիւններ փոխանցեցին Իրանահայ միութեան գործունէութեան մասին:
Այնուհետեւ, Ճիմ ՄըքՏանըլ այցելեց միութեան կեդրոնի տարբեր բաժանմունքները, ներկայ գտնուեցաւ լեռնագնացներու եւ երգչախումբի անդամներու աշխատանքային հանդիպումին եւ իր հիացմունքը յայտնեց նման ընդարձակ աշխատանքային դաշտ ունեցող միութեան եւ անոր կեդրոնին հանդէպ:
Խնամակալ մարմինին հետ հանդիպումին ընթացքին քննուեցան նաեւ Լոս Անճելըսի հայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր:
Աւարտին ՄըքՏանըլ յայտնեց, որ Լոս Անճելըս գաւառի ոստիկանապետ ընտրուելու պարագային, հայութեան եւ ոստիկանապետութեան միջեւ կապերը աւելիով պիտի սերտացնէ:
Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարի
Կնոջ Այցելութիւնը Առաջնորդարան
Սեպտեմբեր 25-ին Ազգային առաջնորդարան այցելեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար զօր. Սէյրան Օհանեանին կինը` Ռուզան Օհանեան, եւ հանդիպում ունեցաւ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հետ: Ան Լոս Անճելըս ժամանած էր Հայ բժիշկներու ընկերակցութեան կազմակերպած միջազգային համագումարին առիթով:
Հանդիպումի ընթացքին խօսուեցաւ Հայաստանի ու Արցախի այժմու իրավիճակին, սահմանային իրադարձութեանց ու անոնցմէ բխող կարիքներուն վրայ: Օհանեան խօսեցաւ հայկական բանակի հայրենասիրական ու պաշտպանական առաքելութեան մասին` մասնաւորաբար կեդրոնանալով սահմանները պաշտպանող մեր քաջարի զինուորներու զոհաբերութիւններուն վրայ: Զրոյցին ընթացքին նշուեցաւ, որ բանակը ընդհանրապէս, իսկ սահմանային վտանգաւոր դիրքերը պաշտպանող քաջարի զինուորները` մասնաւորաբար, կարիք ունին ամէն տեսակի զօրակցութեան:
Հանդիպումի աւարտին Ռ. Օհանեան առաջնորդ սրբազանին յանձնեց Հայաստանի զինուած ուժերու «Զօրավար Անդրանիկ» շքանշանը: Առաջնորդ սրբազանը իր կարգին անոր յանձնեց յուշանուէրներ:
Հնդկաստան
Կալկաթայի Մէջ` Աղջիկներու Դաւթեան
Դպրոցի Նոր Մասնաշէնքի Հիմնարկէք
Հոկտեմբեր 6-ին Հնդկաստանի Կալկաթա քաղաքին մէջ` նախագահութեամբ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, տեղի ունեցաւ աղջիկներու Դաւթեան դպրոցի նոր մասնաշէնքի հիմնարկէքի արարողութիւնը:
Արարողութեան ներկայ էին Հնդկաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Արա Յակոբեանը, Հնդկաստանի հայոց հոգեւոր հովիւ, Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանի կառավարիչ Զաւէն աբղյ. Եազիչեանը, եկեղեցական վարչութեան անդամներ Սիւզան Ռուբէնը եւ Սունիլ Սոբթին, Մայր Աթոռի դիւանատան Ներեկեղեցական յարաբերութիւններու գրասենեակի տնօրէն Պարոյր քհնյ. Աւետիսեանը եւ բազմաթիւ հիւրեր:
Օրհնութեան արարողութեան աւարտին` ձեռամբ Ամենայն Հայոց հայրապետին, կատարուեցաւ ծառատնկում: Յիշարժան այս առիթով տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ:
Նոր մասնաշէնքը, որուն կառուցումը պիտի սկսի յառաջիկային, ժամանակակից լաւագոյն պայմանները պիտի ապահովէ Կալկաթա ուսման մեկնող հայ աշակերտուհիներուն համար: Աշխատանքները նախատեսուած են աւարտել 2016-2017 ուսումնական տարեշրջանին:
Նշենք, որ աղջիկներու Դաւթեան դպրոցը հիմնադրուած է 1922 թուականին` բարերար Դաւիթ Դաւթեանի կողմէ: Աւելի ուշ` 1953-ին, դպրոցը միացուած է Կալկաթայի Հայոց մարդասիրական ճեմարանին: