ԻՍՐԱՅԷԼ ԿԱԶԱ ՈՒՂՂՈՒՈՂ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ՆԱՒ ՄԸ ԳՐԱՒԵՑ
Իսրայէլեան ծովուժը երէկ պաղեստինցիներուն զօրակցող գործիչներ շրջափակուած Կազա փոխադրող ֆրանսական նաւ մը գրաւեց եւ զայն առաջնորդեց Աշտոտ նաւահանգիստը:
Իսրայէլեան ծովուժէն զինուորներ բարձրացան «Տիկնիթէ-Քարամա» նաւը: Ըստ իսրայէլեան բանակի բանբերի մը, գործողութեան ընթացքին զոհեր կամ վիրաւորներ չեն արձանագրուած:
17 ճամբորդներ փոխադրող նաւը կիրակի օր յունական ջուրերէն մեկնելու ատեն յայտարարած էր, որ եգիպտական նաւահանգիստ մը կ՛ուղղուի, սակայն աւելի ուշ ըսած էր, որ իր ուղղութիւնը կը փոխէ դէպի Կազա:
CATEGORIES Միջազգային