Մանչեսթըր Եունայթըտ Պիտի Փորձէ Ձեռք Ձգել Կերըթ Պէյլի Ստորագրութիւնը
«Փրեմիեր-լիկ»-ի կազմերէն Մանչեսթըր Եունայթըտ, ամէն ճիգ ի գործ պիտի դնէ ձեռք ձգելու համար Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Կերըթ Պէյլի փոխանցման իրաւունքները, կը յայտնէ «Տէյլի Սթար»:
Կը նշուի, որ Մանչեսթըր այժմ իր ուշադրութիւնը ուղղած է Կալեսցի ֆութպոլիստին վրայ` նկատի ունենալով, որ անիկա չկրցաւ համաձայնութիւն գոյացնել անոր խմբակիցին` Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի հետ:
Պէյլի այժմու պայմանագրութիւնը` արքայական ակումբին հետ, նախատեսուած է մինչեւ 2019, իր լուրը կ՛եզրափակէ ArmSport.am:
CATEGORIES Մարզական

