«Քոնթէն Էր Պատճառը, Որ Վերադարձայ» Կ՛ըսէ Փիրլօ

1010_pirlo-conteԵուվենթուսի յետսապահ Անտրէա Փիրլօ իր կատարած մէկ յայտարարութեան մէջ ըսաւ, որ Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբ իր վերադարձը եղաւ միայն այն պատճառով, որ խումբի մարզիչ նշանակուեցաւ Անթոնիօ Քոնթէ:

«Քոնթէն միակ անձն էր, որ կրնար զիս համոզել, որ վերադառնամ միջազգային ասպարէզ: Այժմ հաւաքականին հետ պիտի աշխատինք 2 տարուան տեւողութեամբ նախագիծի մը վրայ, եւ Քոնթէին ճանչնալով վստահ եմ, որ ամէն ինչ պիտի ընթանայ ըստ նախատեսուածին», Փիրլոյի խօսքերը մէջբերեց իտալական մամուլը:

Share this Article
CATEGORIES