Լիբանանի Ճատրակի Բ. Դասակարգի Խմբային Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Անթիլիասի Առաջին Մրցակիցը` Ահիա Ռիատա
Այսօր կը սկսին Լիբանանի ճատրակի Բ. դասակարգի խմբային ախոյեանութեան մրցումները:
ՀՄԸՄ Անթիլիաս իր խմբակին մէջ ունի Արապիէն, Մար Ռուքոզը, Ահիա Ռիատան եւ Ռաֆահ Պէյրութը:
ՀՄԸՄ-ի առաջին մրցակիցը այսօր պիտի ըլլայ Ահիա Ռիատա, երեկոյեան ժամը 17:00-ին:
Վաղը, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, ՀՄԸՄ պիտի մրցի Ռաֆահ Պէյրութի դէմ, իսկ յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին` Մար Ռուքոզի դէմ:
Նշենք, որ այս խմբակին մրցումները տեղի կ՛ունենան «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ:
Ստորեւ` այս ախոյեանութեան մասնակցող ՀՄԸՄ-ի կազմը.
Արամ Աբրահամեան, Քնարիկ Մուրատեան, Ժիրայր Օգնայեան, Ռազմիկ Օգնայեան, Գէորգ Կոստանեան, Հրայր Պուրունսուզեան, Գէորգ Թերզեան, Յովիկ Թորոսեան, Յովիկ Արամալի, Սիւզան Մուրատեան, Էլի Յակոբեան, Յակոբ Թերճանեան եւ Քարլօ Դարբինեան:
CATEGORIES Մարզական

