ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻՈՆ ՔԱՂԱՔԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԸ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան երէկ ընդունեց Ֆրանսայի Լիոն քաղաքի քաղաքապետ Ժերար Քոլոմպը:
Ողջունելով հիւրը` Էդուարդ Նալբանդեան նշեց, որ Հայաստան միշտ առանձնայատուկ վերաբերմունք ունեցած է Ֆրանսայի, ինչպէս նաեւ ֆրանսացի ժողովուրդին նկատմամբ, ինչ որ պայմանաւորուած է երկու երկիրներուն միջեւ պատմականօրէն ձեւաւորուած բարեկամական ամուր կապերով եւ այսօր գոյութիւն ունեցող միջպետական սերտ համագործակցութեամբ:
Էդուարդ Նալբանդեան կարեւոր նկատեց հայ-ֆրանսական բազմաբովանդակ համագործակցութեան զարգացումը` մասնաւորաբար ընդգծելով քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, կրթական եւ ապակեդրոնացումի հարցերով փոխադարձ գործակցութեան մարզերուն մէջ նշանակելի ձեռքբերումները:
Կողմերը անդրադարձան 2010-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած հայ-ֆրանսական ապակեդրոնացուած համագործակցութեան երկրորդ համաժողովին` նշելով, որ այսպիսի նախաձեռնութիւններու պարբերականութիւնը նոր թափ կու տայ երկկողմանի յարաբերութիւններուն:
Զրուցակիցները կարեւոր նկատեցին նաեւ միջպետական յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ ֆրանսահայ համայնքին կարեւոր ներդրումը: Այս առնչութեամբ Ժերար Քոլոմպ ընդգծեց ֆրանսահայերու ներդրումը Ֆրանսայի եւ իր կողմէ ղեկավարուող քաղաքին զարգացման աշխատանքին մէջ:
Էդուարդ Նալբանդեան եւ Ժերար Քոլոմպ, գոհունակութիւն յայտնելով Երեւանի եւ Լիոնի միջեւ աշխուժ համագործակցութեան առնչութեամբ, անդրադարձան այս տարուան աշնան Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք ֆրանսախօս քաղաքներու ընդհանուր ժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն: