ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉ. «ՄԱՐՍՈՂԱԿԱՆ ԳՈՐԾԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ» ՆԻՒԹՈՎ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին կազմակերպած դասախօսական շարքին 9-րդ դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ` հինգշաբթի, 10 մարտ 2011-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ` նիւթ ունենալով «Մարսողական գործարաններու հիւանդութիւնները»: Օրուան դասախօսն էր մանկաբուժ տոքթ. Պերճ Տագէսեան:
Բացման խօսքով առողջապահական յանձնախումբին անունով Յասմիկ Մկըրեան ներկայացուց դասախօսը եւ նիւթը, բացատրեց մարսողական համակարգի ընթացքը, անոր հիւանդութիւններուն ախտաճանաչման եւ բուժման անհրաժեշտութիւնը: Այս դասախօսութեան հովանաւորն էր Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճը:
Տոքթ. Պերճ Տագէսեան դասախօսութեան սկիզբը նշեց 5 հիւանդութիւններ, որոնք անմիջականօրէն առնչուած են մանուկներու պարագային:
ա) Աքիութ Կասթրօ-Էնթերիթիս (Ճի. Ի.) Փոքրիկներու քով յաճախ պատահող հիւանդութիւն մը, որուն պատճառը ժահր մըն է` Ռիթովայրըս: Այս ժահրը կը պատճառէ փորհարութիւն, փսխուք, տաքութիւն:
Ռիթովայրըսը կրնայ հիւանդութիւն պատճառել 6 ամիսէն մինչեւ 2 տարեկան երեխաներու մօտ: Փորհարութեան պատճառով մարմինին ջուրը կրնայ պակսիլ: Այս պարագային` հիւանդանոց փոխադրելը անհրաժեշտ կը դառնայ: Ներկայիս պատուաստ կայ Ռիթովայրըսի դէմ, 2 հանգրուանով` մէկ-երկու ամսուան տարբերութեամբ մինչեւ 8-րդ ամիսը: Այս պատուաստը շատ կարեւոր է փոքրիկներուն համար:
բ) Ճի. Ի.- Ռիֆլաքս.- Այս կը պատահի առաջին վեց ամիսներուն, երբ ստամոքսի պարունակութիւնը (ներառեալ` կաթ) հակառակ ուղղութեամբ վեր բարձրանալով` փոքրիկին բերնէն դուրս կը հոսի, երբ ստամոքսի բլթակը տակաւին ամբողջապէս չի գործեր: Ախտաճանաչումը կ՛ըլլայ Փի. Էյչ. Մեթրի, Էնտեսքոփի, Պարրում Սուալօ: Երբ ախտաճանաչումը կատարուի, բժիշկը կը ճշդէ յատուկ կաթի տեսակ` «Ար1» մինչեւ 6 ամիս… 6-12 ամիսներ` «Ար2» կաթի տեսակը, որոնք կորեկ պարունակելով աւելի թանձր կ՛ըլլան:
գ) «Սելիաք տիզիս».- Իբրեւ համեմատութիւն աւելի նուազ է, քան նախորդ հիւանդութիւնները, բայց կը մնայ կարեւոր հիւանդութիւններէն մէկը, որուն մասին ծնողքը պէտք է կանուխ շրջանին գիտնայ եւ պէտք եղած նախազգուշական միջոցներուն դիմէ: Ախտանշանները կ՛ըլլան երկարատեւ փորհարութիւն, արդիւնքը կ՛ըլլայ սնունդի պակաս եւ աճման սահմանում:
Ախտաճանաչումը կը կատարուի արեան տարբեր քննութիւններով կամ «Պիոփսի»:
Այս հիւանդութիւնը կ՛ըլլայ փոքր աղիքներու մէջ, երբ փոքրիկը կ՛ուտէ այն ուտելիքները, որոնք կը պարունակեն Կլութեն: Հետեւաբար, երբ կանուխ շրջանին կը նկատենք, բաւարար ախտաճանաչում կ՛ըլլայ, պէտք է զգուշանանք այն ուտելիքներէն, որոնք Կլութեն կը պարունակեն, եւ փոխարէնը պէտք է գնենք այն ուտելիքները, որոնք չեն պարունակեր:
դ) «Ինֆլամաթըրի Պոուըլ տիզիս».- Հաստ աղիքի տարբեր բորբոքումներ.
– «Ալսերաթիւ Քոլիթիս»
– Քոհնզ Տիզիս
Այս երկուքը քրոնիկ հիւանդութիւններ են, իրարու նման: Գլխաւոր ախտանշանը կղկղանքին մէջ արեան գոյութիւնն է, որ բնական չէ:
Վերջին բաժինով տոքթ. Պերճ Տագէսեան խօսեցաւ յատուկ ծինային հիւանդութեան մը մասին` Սիսթիք Ֆայպրոսիս, ծինային հիւանդութիւն մըն է, որ առաւելաբար կ՛առնչուի թոքերու եւ մարսողական համակարգին հետ: Այս հեղուկը, որ կը գտնուի վերոյիշեալ գործարաններու պատերուն վրայ, բնական կազմուած չըլլար եւ պատճառ կը դառնայ տարբեր հիւանդութիւններու, բորբոքումներու:
Երբ մանրէ մը յարձակի, վերոնշեալ անձերուն պարագային ատիկա կը պատճառէ ծանր հիւանդութիւններ, թոքերու, շարոյրի եւ այլ մարսողական գործարաններու պարագային:
Ասիկա քրոնիկ հիւանդութիւն մըն է: Անթիպիոթիքները կրնան ժամանակաւորապէս բուժել, բայց ընթացքը երկար կը տեւէ` յաճախ մահացու հետեւանքներով:
Դասախօսութեան աւարտին տոքթ. Պերճ Տագէսեան պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն` ներկայացնելով օրինակներ եւ յաւելեալ բացատրութիւններ