ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՕՐԵՐՈՒՆ ՊԻՏԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ` ՌՈՒՍԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ՈՒՂԵՐՁԻՆ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նախանցեալ օր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ` ռուսական կողմին նախաձեռնութեամբ: Հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման հոլովոյթի ներկայ հանգրուանին առնչուող հարցեր:

Էդուարդ Նալբանդեան եւ Սերկէյ Լաւրով քննարկեցին բանակցութիւններուն մէջ բարենպաստ մթնոլորտի ստեղծման համար յաւելեալ ջանքերու գործադրման կարելիութիւնները:

Նախարարները անդրադարձան Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ հոկտեմբեր 2010-ին Աստրախանի եւ մարտ 2011-ին Սոչիի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին զինադադարի դրութեան եւ զինուորական մարզին մէջ վստահութեան ամրապնդման, բոլոր վիճելի հարցերու խաղաղ միջոցներով լուծման եւ շփման գիծին վրայ հաւանական միջադէպերու հետաքննութիւններու կայացման վերաբերեալ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու կատարման:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը իր ռուս գործընկերոջ տեղեկացուց, որ յառաջիկայ օրերուն պիտի ներկայացուի Հայաստանի նախագահին պատասխանը` Ռուսիոյ նախագահի 8 յուլիսի ուղերձին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES