Ճատրակ. Աշխարհի Կրտսերներու Ախոյեանութիւն. Կարէն Գրիգորեան Կ՛արձանագրէ Տպաւորիչ Արդիւնքներ
Հնդկաստանի Փունէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ճատրակի կրտսերներու ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Հայաստանի ներկայացուցիչ Կարէն Գրիգորեան կ՛արձանագրէ բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ:
Ան այժմ 5,5 կէտով կը գրաւէ 5-րդ դիրքը` 137 մասնակցողներուն մէջ, կէս կէտով միայն ետ մնալով պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուողէն:
Աղջկանց մրցումներուն, Մարիա Գէորգեան 78 մասնակցողներու մէջ 3,5 կէտով կը գրաւէ 37-րդ դիրքը:
Ախոյեանութիւնը կ՛աւարտի 19 հոկտեմբերին:
CATEGORIES Մարզական

