ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱՈՒՏԷ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻՆ ԵՒ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԵՑԱՒ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՅՍՕՐՈՒԱՆ ՆԻՍՏԻՆ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ այցելեց յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին, որ բուժման կ՛ենթարկուի Յունական հիւանդանոցին մէջ:
Միքաթի ընդունեց իրանեան խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը` նախագահութեամբ Իրանի խորհրդարանի փոխնախագահ Մոհամետ Ռիտա Պահերի եւ ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատիի:
Հանդիպումէն ետք Պահեր յայտնեց, որ Միքաթին շնորհաւորած է Յուլիսեան պատերազմին Դիմադրութեան արձանագրած յաղթանակի տարեդարձին առիթով` վերստին շեշտելով Լիբանանի նկատմամբ Թեհրանի զօրակցութիւնը:
Միւս կողմէ, Պահեր ակնարկեց Սուրիոյ մէջ տիրող իրարանցումներուն` յայտնելով, որ անոնք հետեւանք են ամերիկեան-իսրայէլեան դաւադրութիւններուն, որոնք նիւթուած են Դամասկոսի դէմ:
Միքաթիի այցելեց նաեւ ծագումով լիբանանցի շուէտացի երեսփոխան Ռոժէ Հատտատ, որ Շուէտի զօրակցութիւնը յայտնեց վարչապետին եւ շնորհաւորեց զայն` վարչապետի իր պաշտօնը ստանձնելուն առիթով:
Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Նիքոլա Սահնաուի: Քննարկուեցան նախարարութեան վերաբերող հարցեր:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին երեսփոխան Ժիհատ Սամատ:
Վարչապետ Միքաթի պատրաստեց նաեւ այսօր գումարուելիք կառավարութեան նիստին օրակարգը: