«Բագին». Հրայր Գալեմքերեան Հետաքրքրական Կերպով Ներկայացուց Լ. Մութաֆեանի «Պատուալի Վաղոն» Երկը

1015kalemԵրէկ` չորեքշաբթի, 15 հոկտեմբեր 2014¬ին, երեկոյեան ժամը 7:30¬ին, «Բագին»¬ի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ ընթերցման հանդիպում, որուն ընթացքին երիտասարդ դերասան Հրայր Գալեմքերեան ներկայացուց թատերագիր եւ արուեստաբան Լեւոն Մութաֆեանի «Պատուալի Վաղոն» թատերական երկը:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց «Բագին»¬ի խմբագիր Յակոբ Պալեան, որ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց Լեւոն Մութաֆեանը` շեշտելով, որ գրական շունչ ունենալու կողքին ան ժրաջան աշխատող է, հեղինակ է աւելի քան 30 գիրքերու, կատարած է մեծաթիւ թարգմանութիւններ եւ աշխատութիւններ: «Պատուալի Վաղոն», ըստ Պալեանի, յատկապէս կարեւոր է այն իմաստով, որ անիկա մեր պատմութեան կարգ մը էջերու բեմագրութիւնն է, ինչ որ կը նշանակէ, թէ առիթ կայ մեր պատմութիւնը բեմականացնելու, բան մը, որ չէ եղած պէտք եղածին պէս:

Ապա ան նշեց, որ այս երկի ներկայացման համար ընտրուած է երիտասարդ դերասան Հրայր Գալեմքերեանը, որովհետեւ ան արուեստի աշխարհ մուտք գործած է, ինչպէս նաեւ պէտք է հաւատք ունենալ երիտասարդ սերունդին նկատմամբ եւ քաջալերել զայն:

1015kalem1Ապա Հրայր Գալեմքերեան հետաքրքրական կերպով, թատերական աշխարհին յատուկ մատնանշումներով եւ նկատողութիւններով ներկայացուց «Պատուալի Վաղոն», որ հիմնուած է Ռուբէնի յուշերուն վրայ: Ան բաժին առ բաժին ներկայացուց նիւթը, ապա անդրադարձաւ հոն տիրող մթնոլորտին, հերոսներուն, իւրաքանչիւրին նկարագրային գիծերուն, որոնց ճամբով ընթերցման հանդիպումին ներկայ երէց ու երիտասարդ գրասէրները առաւել եւս ըմբոշխնեցին երկը: Ան յայտնեց, որ թէեւ գիրքը Գիւմրիի բարբառով գրուած է, բայց միայն առաջին հայեացքով կրնայ դժուար թուիլ, բայց իսկութեան մէջ ընթերցողը շուտով կ՛ընտելանայ եւ հաճոյքով կը շարունակէ ընթերցանութիւնը: Հրայր Գալեմքերեանի ներկայացում¬արժեւորումին ընդմէջէն ներկաները կարծես մուտք գործեցին գիրքին մէջ եւ ականատես եղան տեղի ունեցող դէպքերուն եւ իրադարձութիւններուն` ընտանեկան հարցեր, ազգային առաջադրանքներ, ֆետայական պարտաւորութիւններ, սիրային կացութիւններ: Ան, ըստ իր հայեցակէտի, գրասէրներուն հետ բաժնեկցեցաւ «Պատուալի Վաղոն»-ին հերոսներուն նկարագրային գիծերը, աչքառու դրուագները, յատուկ իմաստ բովանդակող պահերը եւ այլն:

Ապա Հրայր Գալեմքերեան պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն, տուաւ լուսաբանութիւններ եւ յաւելեալ տեղեկութիւններ:

Անկէ ետք ներկաները քննարկեցին թատրոնի, թատերական նոր երկերու բացակայութեան, նոր բեմագրութիւններու չգոյութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ խօսեցան հայապահպանման երթին կառչած մնալու եւ այդ առումով աշխատանքներուն յաւելեալ թափ տալու կարեւորութեան մասին:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )