Ճանչնանք Լիբանանահայ Գործարարները. Հարցազրոյց Փոլ Այանեանի Հետ

Հարցազրոյցը վարեց` ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Interview-Paul-Ayanian«ԱԶԴԱԿ».- Խօսինք ձեր հաստատութեան մասին: Երբ հիմնուած է: Ո՞վ հիմնած է:

ՓՈԼ ԱՅԱՆԵԱՆ.- «Կարապետ Այանեան եւ որդիք» հաստատութիւնը հիմնուած է 1928-ին` հօրս կողմէ: 52 տարի հոն աշխատելէ ետք, 10 ապրիլ 2012-ին սիրով բաժնուեցայ եղբօրմէս` ունենալու իմ հաստատութիւնս:

«Ա.».- Ի՞նչ կը վաճառուէր հաստատութեան մէջ:

Փ. Ա.- Ելեկտրական պիտոյքներ, լուսաւորումի սարքեր, խոնաւութիւն քաշող մեքենաներ, օդափոխիչ-զովացուցիչներ, հեռաձայններ, նկարչական գործիքներ եւ այլն:

«Ա.».- Ներկայիս ի՞նչ կ՛ընէք:

Փ. Ա.- Երբ ձգեցի հաստատութիւնը, գործս քանի մը մասերու բաժնեցի: Նախ տղուս եւ աղջկանս յանձնեցի Քֆարհպապի մէջ գտնուող ընդարձակ 1400 մեթր տարածութիւնս, ուր կը վաճառուին նոյն տեսակի ապրանքներ, ինչպէս «Կարապետ Այանեան եւ որդիք» հաստատութեան մօտ:

Ասոր կողքին ես սկսայ այլ գործով զբաղիլ, բան մը, որ կը փափաքէի տարիներէ ի վեր: Համաձայնեցայ կարգ մը ամերիկեան, չինական, իտալական ընկերութիւններու հետ, որոնք կը ֆինանսաւորեն որեւէ շինարարական ծրագիր, որ տեղի կ՛ունենայ արաբական երկիրներու մէջ, նաեւ` Կիպրոսի եւ այլ երկիրներու մէջ:

Ayayanian_Gen-LahoudՄէկուկէս տարուան ընթացքին բաւական յաջողութիւն գտանք այս ասպարէզին մէջ մենք նաեւ կը ֆինանսաւորենք, միեւնոյն ժամանակ կը շինենք ելեկտրականութիւն հայթայթող մեծ մեքենաներ, ինչպէս Զուքի եւ Ժիէի կայանները, որոնք պիտի շինուին: Աշխատանք կը տանինք նաեւ ենթակառոյցներու բնագաւառին մէջ` գետնին տակի ջուրի, հեռաձայնի ցանցեր, եւ ունինք ընկերութիւն մը, որ կը ֆինանսաւորէ այս ծրագիրը: Մենք կը շինենք օդակայաններ, պանդոկներ, մեծ հանրախանութներ, հիւանդանոցներ, մեթրոյի ընկերութիւններ, քարիւղատար շոգենաւեր, ոսկիի հանքեր, նաեւ անոնց հետ կը գործակցինք ապահովական եւ այլ հարցերու առնչութեամբ:

Այլ խօսքով, այն պետութիւնը, որ մեծ ծրագիրներ ունի եւ կը դիմէ մեզի, մենք մեր կարգին կը դիմենք այն ընկերութիւններուն, որոնց հետ կը գործակցինք, որպէսզի անոնցմէ մէկը ֆինանսաւորէ այդ ծրագիրը:

Ayayanian_Gen-KahwajiԱյս աշխատանքի կողքին վերջերս սկսայ անշարժ գոյքի առուծախով զբաղիլ, Լիբանանի եւ Կիպրոսի մէջ: Կիպրոսի մէջ կը գործէ «Լեփթոս» ընկերութիւնը, որ բաւական մեծ է եւ ծրագիրներ ունի. անոր հետ սկսայ գործակցիլ: Որոշուած է որ քազինօ պիտի շինուի, բաւական մեծ գումարի կը կարօտի: Պզտիկ քաղաք մը պիտի ըլլայ: Ասոր կողքին նոր օդակայան մը պիտի շինեն: Իտալիոյ մէջ կան բաւական մեծ հանրախանութներ, որոնք պիտի շինուին: Այս աշխատանքը կը տանիմ ներկայիս: Ես հիմնեցի «Ayanian and Association»-ը, որ այս գործերով կը զբաղի: Ես անձամբ կը գործեմ, ունիմ պաշտօնէութիւն: Ես Ռապիէի մէջ շէնք մը ունիմ, եւ հոն պիտի ըլլայ հաստատութեանս կեդրոնը:

«Ա.».- Այս գծով ուրիշ ի՞նչ ծրագիրներ ունիք:

Փ. Ա.- Պիտի հաստատեմ նոր ընկերութիւն մը` «Rabieh real state» անունով եւ Ռապէի մէջ պիտի կեդրոնացնեմ ուժս, որովհետեւ կապերս ընդարձակ են: Հոն պիտի զբաղիմ հողային առեւտուրներով: Ես կապի մէջ եմ զանազան հողատէրերու հետ, որոնց հետ պիտի գործակցիմ: Ներկայիս Լիբանանի մէջ կան բաւական մեծ հողաշերտեր, որոնց վրայ ծրագիրներ պիտի ըլլան, եւ այդ ուղղութեամբ աշխատանք կը տանիմ:

«Ա.».- Լիբանանի մէջ ինչ ներդրում ունեցած է «Այանեան» հաստատութիւնը:

Փ. Ա.- Ես մինչեւ օրս լուսաւորած եմ 57 եկեղեցիներ, 14 մզկիթներ, տիւրզիներու կեդրոնը եւ 23 հրապարակներ: Կան 7 բարեսիրական հաստատութիւններ, որոնց օգտակար կը դառնամ, նաեւ օգտակար կը դառնամ հաստատութեան մը, որ կը զբաղի թմրամոլներու հարցերով: Այլ հաստատութեան մը ատենապետն եմ, ան եւս բարեսիրական օգնութիւն կու տայ: Նաեւ քաղցկեղէ տառապող երեխաներու յատուկ կեդրոնի մը օգտակար կը դառնամ, հաշմանդամներու օգտակար կը դառնամ:

«Ա.».- 53 տարիներ գործած էք Այանեան հաստատութեան մէջ եւ ձեռք ձգած էք բաւական մեծ յաջողութիւն: Ինչպէ՞ս կրցած էք յաջողիլ այդ ասպարէզին մէջ:

Փ. Ա.- 53 տարիներ փորձեցի եւ յաջողեցայ լաւագոյնս տալ յաճախորդին, մանաւանդ որ կապս ուղղակի անոր հետ էր: Ամէնէն կարեւորը յաճախորդին համար ընդունելութիւնն է: Անուշ եւ քաղաքավար վերաբերմունքն է:

«Ա.».- Խօսինք Լիբանանի մէջ ձեր ներդրումներուն մասին:

Փ. Ա.- Լիբանանի մէջ ես աշխատանք կը տանիմ հետեւեալ կերպով.

ա) Կը հետապնդեմ Պէյրութի գետի հարցը, որ ահաւոր կը հոտի: Այդտեղէն կ՛անցնին տուներու եւ հիւանդանոցներու աղտերը, ժահրերը եւ ասոնք պատճառ կը դառնան հիւանդութիւններու: Ես անձնապէս խօսեցայ կենսոլորտի նախարարութեան հետ, որ լուծում գտնէ այս հարցին, սակայն, ըստ երեւոյթին, ապարդիւն է, անոնք անտեսեցին առաջարկը:

Բ) Մեծ աշխատանք կը տանիմ սպանդանոցին գծով, որպէսզի Պուրճ Համուտի շրջանէն փոխադրուի այլ շրջաններ, ուր տուներ, բնակչութիւն եւ վաճառականական կեդրոններ չկան: Ներկայիս անիկա կը գտնուի մայրաքաղաքի մուտքին եւ շատ գարշելի է հոտը: Սակայն ցաւ ի սիրտ, կրկին անտարբերութիւն կայ, եւ աշխատանք չկայ զայն փոխադրելու:

Գ) Աղբերու կոյտը հարկ է ելլէ շրջանէն: Այս հարցով կրկին դիմեցի կենսոլորտի նախարարութեան, որպէսզի լուծում մը գտնուի, սակայն ապարդիւն:

Դ) 1978-էն ի վեր Տորա հրապարակի լուսաւորումը ստանձնած է «Կարապետ Այանեան եւ որդիք» հաստատութիւնը:

«Ա.».- Ստացած էք բաւական շքանշաններ եւ յուշատախտակներ, նաեւ դուք շնորհած էք յուշատախտակներ կարգ մը անձնաւորութիւններու: Կրնա՞ք մանրամասնել այս կէտը:

Փ. Ա.- Զանազան առիթներով ինծի յուշանուէրներ եւ շքանշաններ տուած են կարգ մը անձնաւորութիւններ: Նաեւ 2003-ին արժանացայ «Best businessman award»-ին: Այդ շքանշաններէն կ՛ուզեմ նշել «Մայրիներու» շքանշանը, որ շնորհուեցաւ ինծի հանրապետութեան նախկին նախագահ Էմիլ Լահուտի կողմէ: Ստացած եմ նաեւ մետալ մը Ֆրանսական պետութեան կողմէ: Ես իմ կարգիս զանազան առիթներով յուշանուէրներ տուած եմ բանակի հրամանատար Ժան Քահուաժիի, Մոհամետ Քարաքիի, Լէյլա Համատէի, Ատնան Քասարի, Ֆատի Ապուտի, Սֆէյր պատրիարքին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Իլիաս Աուտէ պատրիարքին, Պահժաթ Ղէյսին, Ուալիտ Ժոմպլաթին, Ժոզեֆ Թարապէյի, Ֆրանսուա Պասիլի, Ժաք Սարրաֆի, Շարլ Ազնաւուրի, Ուալիտ Պըն Թալալի, Իլիաս եւ Մանսուր Ռահպանիներու, Ուատիհ Սաֆիի, Սապահի, Ապտ էլ Ամիր Քապալանի, Ատնան Քասսարի:

 

 

Share this Article
CATEGORIES