Ագարակ Մը Դպրոցին Մէջ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Փարիզի արուարձաններուն Պէլ-Էր դպրոցի աշակերտները պզտիկ ագարակ մը ունին իրենց դպրոցին մէջ: Կէսօրին եւ զբօսանքներուն անոնք անասուններուն հոգ կը տանին:

1018_akarag-1-8Մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի բակերուն միջեւ կան այծեր, նապաստակներ, հաւեր, սագեր, ձուկեր եւ բոյսերով լեցուն պարտէզ մը: Կէսօրները դպրոցին աշակերտները կ՛երթան զբաղելու այդ անասուններով: Անոնք կը ստուգեն եթէ սագերը ածած են, եթէ նապաստակները ձագեր ունեցած են կամ կը հաւաքեն բոյսեր եւ խոտեր, ինչպէս` անանուխ, անուշահոտներ պատրաստելու համար: Բանջարեղէններ, ծաղիկներ… դպրոցի բանջարանոցին մէջ ամէն ինչ կը բուսնի:

* * *

1018_akarag-9.-10-13Կէսօրուան զբօսանքին` ճաշասրահ ուղղուելէ առաջ, պէտք է անասուններուն ուտելիք բաժնել: Բոլոր անասունները նոյն բանը չեն ուտեր: Հինգերորդ դասարանի աշակերտները առաջին դասարանի աշակերտներուն ցոյց կու տան, թէ ինչպէս պէտք է կերակրել անասունները: Այծերը կ՛ուտեն յարդ, հաց եւ խոհանոցէն մնացած բանջարեղէնները: Նապաստակները կ՛ուտեն հատիկներու տեսակներ: Պէտք է նաեւ փոխել անոնց ջուրը, եւ անշուշտ շոյանքներ բաժնել:

* * *

1018_akarag-11-12Պզտիկ տեսախցիկ (քամերա) մը զետեղուած է երաժշտահաւերու վանդակին մէջ: Հիւղակի մը ընդմէջէն, աշակերտները ուղղակիօրէն ականատես կ՛ըլլան թռչուններուն հաւկիթէն դուրս ելլելու գործողութեան եւ նոյնիսկ կը տեսնեն, թէ մայր թռչունները ինչպէ՛ս կը կերակրեն ձագուկները: Ապա, անոնք կրնան զանազանել այս հաւկիթները ուրիշ թռչուններու հաւկիթներէ, որոնք կը պահուին դպրոցին գրադարանին մէջ: Դպրոցին աշակերտները ախոյեաններ դարձած են թռչուններուն եւ ագարակի անասուններու վերաբերող իրենց ունեցած տեղեկութիւններով:

 

 

Պոլիվիոյ Մէջ Տասը Տարեկանը Կրնայ
Աշխատանքի Սկսիլ

1018_bolivia-1Հարաւային Ամերիկայի Պոլիվիա երկրին մէջ նոր օրէնք մը հաստատուեցաւ. այս օրէնքը մանուկներուն իրաւունք կու տայ 10 տարեկանէն արդէն աշխատանքի սկսելու: Ըստ պատասխանատուներուն, այս որոշումը տրուած է ի շահ մանուկներուն…

Պոլիվիան հարաւային Ամերիկայի ամէնէն աղքատ երկիրն է: Հոն կեանքի պայմանները շատ ծանր են, ուստի իրենց ծնողներւոն օգնելու համար, մանուկները յաճախ կ՛աշխատին: Երկրին նախագահը նոյնիսկ յաճախ կը պատմէ,թէ ինչպէս ան շատ փոքր տարիքէն սկսած է իբրեւ հովիւ աշխատիլ:

Աշխատող մանուկներուն թիւը այնքան մեծ է, որ անոնք նոյնիսկ կազմած են Արհեստակցական ընկերութիւն մը: Այս ընկերութիւնն է, որ տարիներէ ի վեր կը պահանջր մանուկներու աշխատանքի տարիքի նուազեցում: Ցարդ գործող օրէնքով 14 տարեկան ըլլալէ ետք միայն պատանիները իրաւունք ունէին աշխատելու:

* * *

1018_bolivia-2Այս նոր օրէնքը անոնց իրաւունքը կու տայ 10 տարեկանին արդէն գործի երթալու, պայմանով, որ անոնք աշխատին իրենց հաշուոյն: Անոնք կրնան գործատէրի մը մօտ աշխատիլ 12 տարեկանէն սկսեալ: 14 տարեկանին անոնք ունին չափահասի մը հաւասար իրաւունքներ եւ ամսական:

* * *

Ըստ կառավարութեան, այս օրէնքը` որդեգրուեցաւ այդ մանուկները պահպանելու համար: Աշխատելու համար արտօնագիր մը կը տրուի մանուկներու պահպանութեան` հաստատութեան կողմէ, ուսումնասիրութիւն կատարելէ ետք ստուգելու համար, որ այդ փոքրիկը չի շահագործուիր գործատէրերուն կոմղէ: Սակայն, պատասխանատուները կը խոստովանին, թէ գործնականօէն անոնք չեն կրնար հետեւիլ այդ բոլոր մանուկներուն, որոնք յաճախ քաղաքներէն շատ հեռու կ՛ապրին:

Դպրո՞ց, Թէ ՞ Գործ

1018_bolivia-3Պոլիվիոյ աշխատող մանուկները  երբեմն դպրոց կ՛երթան, սակայն կա՛մ առտուն, կամ ալ կէսօրէ ետք: Անոնք կ՛ապրին ներկայ վայրկեանը, եւ պէտք ունին ապրելու դրամ շահելու:

Անոնք չեն հետաքրքրուած իրենց ապագայով:

Սակայն միայն լաւ ուսում մը ստանալով է, որ անոնք պիտի կարենան յուսալ աւելի լաւին` մաղթելով գտնել լաւ վարձատրութեամ աշխատանք մը եւ դուրս գալ աղքատութենէ:

Գիտէի՞ր, Թէ

Ըստ աշխատանքի միջազգազգային Կազմակերպութեան, աշխարհի մէջ 168 միլիոն մանուկներ կ՛աշխատին: Անոնցմէ տասներերք միլիոնը կը գտնուին հարաւային Ամերիկայի մէջ:

– 2008 թուականին, 5-էն 7 տարեկան 848,000 մանուկներ կ՛աշխատէին Պոլիվիոյ մէջ: Ասիկա կը համապատասխանէ երկրին մէջ 4 պզտիկէն մէկին:

– Հարաւային Ամերիկայի բազմաթիւ երկիրներ քուէարկած են օրէնքներ, որոնք կը բարձրացնեն մանուկներու աշխատանքի տարիքը:

– Մանուկները պաշտպանող կազմակերպութիւնները մտահոգ են Պոլիվիոյ այս նոր օրէնքով, որովհետեւ ան դէմ է մանուկները շահագործումէ պահպանելու գծով տարուած բոլոր ճիգերուն:

 

                               Տաղանդաւոր Անասուններ

 

1018_anassoun-1Նորմըն

Նորմըն հովիւի շան տեսակ մըն է: Ան փոքր  տարիքէն արդէն ընտանիքին սքութըրը կը քշէր: Ան կը սիրէ նաեւ սահիլ (սքէյթպորտով) եւ հեծիկ քշել թաղին մէջ: Ան նաեւ էջ մը ունի եութուպին վրայ, իսկ դիմատետրի իր էջը ունի աւելի քան 7000 հետեւող:

 

1018_anassoun-2Մոկ

Այս անվախ կատուն ջուրէն չի փախչիր: Ան ամէն շաբաթ 15 վայրկեան կը լողայ: Մոկ ամբողջովին անշարժացած էր ինքնաշարժի արկածէ մը ետք. սակայն լողալուն շնորհիւ ան վերգտած է իր ուժը եւ կրցած է դարձեալ քալել:

 

1018_anassoun-3Մարշա

Մարշա ռնգեղջիւրը շատ գունաւոր գեղանկարչութիւններ կը գծէ իր քիթով եւ վերի սուր շրթունքով: Մարշային գլուխ գործոցները ներկայացուած են ցուցադրութեան մը ընթացքին եւ անոնք կը ծախուին այն կենդանաբանական պարտէզին մէջ, ուր ան կ՛աշխատի:

 

1018_anassoun-4Փիզմօ

Քալիֆորնիա ապրող այս այծը ալիքներուն վրայ սըրֆ կ՛ընէ իր մարդ բարեկամներուն հետ: Փիզմօ եւ իր մայրը` Կօթի, ունին դիմատետրի իրենց յատուկ էջը:

 

Նունկ Նինկ

Այս փիղը պասքեթպոլ կը խաղայ իր ետեւի ոտքերուն վրայ կենալով եւ իր պատիճը գործածելով` գնդակը նետելու համար: Թայլընտի փրկուած փիղերու այս կեդրոնին մէջ, ուր կ՛ապրի Նունկ Նինկ, փիղերը նաեւ կը պարեն այցելուներուն համար:

 

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր գլուխի համապատասխանող մարմինը:

Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր գլուխի համապատասխանող մարմինը:

Կէտերը իրարու միացուր` 1-67, գտնելու համար պահուած պատկերը:

Կէտերը իրարու միացուր` 1-67, գտնելու համար պահուած պատկերը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս ամբողջացնել բուրգը` գիտնալով, թէ իւրաքանչիւր շրջանակի մէջի թիւը հաւասար է անոր վար գտնուող երկու թիւերուն գումարումին:

Կրնա՞ս ամբողջացնել բուրգը` գիտնալով, թէ իւրաքանչիւր շրջանակի մէջի թիւը հաւասար է անոր վարը գտնուող երկու թիւերուն գումարումին:

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 8 տարբերութիւնները:

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 8 տարբերութիւնները:

 

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )