Մէկ Շաբթուան Ընթացքին Ազրպէյճանական Կողմը Զինադադարը Խախտած Է 550 Անգամ
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի տուեալներուն համաձայն, 12-էն 18 հոկտեմբերի ընթացքին ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանային գիծին վրայ հակառակորդը զինադադարի պահպանման օրէնքը խախտած է շուրջ 550 անգամ, որոնց ընթացքին տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակած է աւելի քան 5000 կրակոց:
«Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերը խստօրէն պահպանած են զինադադարի դրութիւնը եւ վստահօրէն իրականացուցած են զինուորական հերթապահութիւն», ըսուած է պաշտպանութեան բանակի լրատուական ծառայութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
CATEGORIES Հայկական

