Հայոց Ցեղասպանութեան Ցնցման Միջսերնդային Փոխանցումը (Հարցազրոյց Հայրենի Հոգեբան, Տոքթ. Խաչատուր Գասպարեանին Հետ)

Հարցազրոյցը վարեց եւ խմբագրեց` ՌՈՊԵՐԹ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ

Khach-menakԵրեւանի պետական բժշկական համալսարանի բժշկական հոգեբանութեան ամպիոնի հիմնադիր-ղեկավար եւ մայրաքաղաքի «Ինտրա» հոգեկան առողջութեան կեդրոնի գլխաւոր հոգեբան Խաչատուր Գասպարեանը, աւարտելով Մոսկուայի Մ. Լոմոնոսովի անուան պետական համալսարանի հոգեբանութեան բաժինը, ապա պաշտպանելով իր ատենախօսութիւնը, մասնագիտացած է Օքսֆորտի համալսարանին մէջ` ստանալով տոքթորի պատուաւոր կոչում:

Անուանի հոգեբանը դասաւանդած է Նիւ Եորքի Քոլումպիա համալսարանին մէջ բազմաթիւ գիրքերու եւ գիտական յօդուածներու հեղինակը աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ հանդէս եկած է դասախօսութիւններով, ելոյթներով, վարպետաց դասերով…

Տոքթոր Գասպարեանը թէեւ Լիբանանի մէջ ալ հանդէս եկած է դասախօսութիւններով, սակայն միշտ եւ ամէնուրեք սպասուած անոր խօսքը հարցազրոյցի մը ընդմէջէն կ՛ուզենք հասանելի դարձնել նաեւ «Ազդակ»-ի ընթերցողներուն. հարցազրոյցը կը վերաբերի Հայոց ցեղասպանութեան եւ մեր պահանջատիրութեան միջսերնդային փոխանցման հոգեբանական առանձնայատկութիւններուն:

ՌՈՊԵՐԹ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ.- Հոգեբանական ի՞նչ մեթոտներով կը կատարէք Ցեղասպանութեան միջսերնդային փոխանցման վերաբերող ձեր հետազօտութիւնները:

ԽԱՉԱՏՈՒՐ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ.– Հայաստանի Հանրապետութեան գիտութեան եւ կրթութեան նախարարութեան` գիտութեան կոմիտէի հովանաւորութեամբ եւ մեր ամպիոնի մասնագէտներուն ուժերով յատուկ հարցարան մը ստեղծած ենք: Կը գործածենք նաեւ համաշխարհային մեծութեան, ծագումով լիբանանահայ, ամերիկաբնակ հոգեբուժ Յակոբ Ագիսքալի տասնեակ մը երկիրներու մէջ ընդունուած «Խառնուածքի յուզական տեսակը» հարցարանը: Այդ շարքին այլազան մեթոտներու միջոցով կ՛որոշենք Ցեղասպանութեան ցնցման միջսերնդային փոխանցումը: Հինգ տարբեր սերունդներէ կազմուած շուրջ 2500 անձեր մասնակից կը դարձնենք հոգեբանական լայնածաւալ այդ հետազօտութեան, որուն աշխատանքները արդէն իսկ ընթացքի մէջ են:

2015-ի յունիսին ուշագրաւ այդ աշխատանքին արդիւնքները կ՛ամփոփուին եւ կը հրապարակուին: Հարիւր տարուան ընթացքին իր բնոյթով ու ծաւալով նման հետազօտութիւն չէ կատարուած:

Ռ. Ա.- Ի՞նչն է մեր մէջ մշտապէս գոյութիւն ունեցող հայու ինքնութեան բաղադրիչը:

Խ. Գ.- Մենք ազգովին կը գտնուինք Ցեղասպանութիւնը վերապրողի համախտանիշի ազդեցութեան ներքոյ: Մեր անգիտակիցը ծանրաբեռնուած է Ցեղասպանութեան զգացումով առ այն, որ մեր նահատակները տակաւին գերեզման չեն գտած, աւելի՛ն, մէկ դար շարունակ ոճրագործին չենք կրցած ստիպել ճանչնալու մեր աննախադէպ ողբերգութիւնը: Հայոց վիշտը չէ անցած սգոյ հոգեբանական բոլոր հանգրուանները, եւ մեր յիշողութիւնը գերծանրաբեռնուած է զոհերու մշտական ներկայութեամբ:

Ռ. Ա.- Այս հոգեվիճակի արդիւնքին մէջ ի՞նչն է մեր հիմնական հոգեբանական հակազդեցութիւնը:

Խ. Գ.- Իւրաքանչիւր հայ իւրովի կ՛ընկալէ Ցեղասպանութեան գաղափարը, իսկ հաւաքական հակազդեցութեան օրինակներ են` ապրիլեան ձեռնարկներու շարքը, յուշակոթողները, որոնք մշակութային եւ խորհրդանշական արժէքներ ըլլալով` միտուած են ազգը մէկտեղելուն, տուեալ պարագային` պահանջատիրութեան գաղափարին շուրջ համախմբելուն: Առաջին յուշակոթողը կառուցուած է 1965-ին, Պիքֆայա, ապա` Ծիծեռնակաբերդ, Ամերիկա, Ֆրանսա, Սուրիա եւ այլուր:

Ռ. Ա.- Երբեմն այնպիսի տպաւորութիւն է` կարծես թէ մենք միայն ապրիլ 24-ին հաւաքաբար կը յիշենք Ցեղասպանութիւնը:

Խ. Գ.- Ցեղասպանութիւնը հաւաքաբար կը վերյիշենք նաեւ որեւէ նոր աղէտալի իրավիճակի մէջ` երկրաշարժ, Սումկայիթ, Պաքու, պատերազմ, Հրանդ Տինք…

Իւրաքանչիւր աղէտի ժամանակ արդիական կը դառնայ կոմիտասեան «Անտունին»: Փաստօրէն, նոր աղէտի մը պարագային, կամուրջ մը կը ստեղծուի հին ու նոր վէրքերու միջեւ…

Ռ. Ա.- Ցեղասպանութիւնը մի՞թէ այսօր դարձեր է մեր միասնականութեան երաշխիքը:

Խ. Գ.- Այո՛, դժբախտ իրավիճակներու մէջ մենք իսկապէս համերաշխ ենք, ըլլա՛յ ցեղասպանութիւն, հարազատի կորուստ, կամ այլ աղէտալի երեւոյթներ, սակայն միասնական  ենք նաեւ ազգային յաղթանակներու պարագային` արցախեան հերոսամարտէն մինչեւ ֆութպոլ ու ճատրակ…

Հաւաքականութեան երաշխիք են նաեւ` լեզուն, կրօնը, տարածքային սահմաններն ու անոնց առնչուող խնդիրները: Եթէ հաւաքականութեան մէջ խաղի կանոնները խմբակեդրոն են, ապա անհատի պարագային, այդ կանոնները կը դառնան եսակեդրոն, ինչն ալ իր կարգին անհատը կ՛ախտահարէ բարեկեցութեան մոլուցքով: Միշտ բաղձալի անհատական բարեկեցութիւնը երբեմն կը յանգեցնէ ոչ ցանկալի հետեւանքներու: Անհատներու կողմէ կը դրսեւորուի եսակեդրոն վարքագիծ, որուն ընթացքին կը զարգանայ եսապաշտութիւնը: Հետեւաբար անհատները կը սկսին իրենց բարեկեցութեան տարածքները սահմանել` իրարու միջեւ ստեղծելով ֆիզիքական եւ հոգեբանական պատնէշներ:

Ռ. Ա.- Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման պարագային ի՞նչը կրնայ մեզ ապրիլ 24-ին չափ ուժգին միաւորել:

Խ. Գ.- Մեր միասնականութիւնը Ցեղասպանութեան ընդունման պարագային աւելի կը հզօրանայ, ինչպէս` հրեաներուն մօտ: Երբ յաղթանակէ արդարութիւնը, մենք նորովի վերածնած, կը համախմբուինք` ի վերջոյ ձերբազատելով զոհի կարգավիճակէն, կասկածամտութենէն, մեզի բարեկամական ձեռք երկարող օտարները չենք որակեր լրտեսներ, կամ ծայրայեղօրէն չենք աստուածացներ զիրենք: Առաջին իսկ անծանօթին անմիջապէս չենք պատմեր, թէ ինչպէ՛ս մորթած են մեզ…

Աստիճանաբար կը մաշի մեր թերարժէքութեան բարդոյթը, կը յառաջանայ նոր մշակոյթ, որ կը հանդիսանայ ազգը համախմբող գործօն:

Ռ. Ա.- Ցեղասպանութեան հերքման պարագային, որքա՞ն կրնայ յարատեւել մեր սերունդներու պահանջատիրական ոգին:

Խ. Գ.- Հօր կողմէն օճախի կառուցումը ամբողջացնելու պարտաւորութիւնը, որպէս օրէնք, կը փոխանցուի զաւկին: Նոյն կերպ անաւարտ մնացած արդարութեան պայքարի պարտաւորութիւնը շարունակ կը փոխանցուի եկող սերունդներուն: Եթէ նոյնիսկ սերունդ մը ուծացման մէջ յայտնուի, ապա, ծինային յիշողութեամբ յաջորդ սերունդը կը կրէ իր նախնիներուն պայքարին բեռը: Այսօր սկսած է արթննալ թրքացած հայերու սերունդներուն ինքնութեան գիտակցութիւնը:

Ռ. Ա.- Ինչո՞վ կը բացատրուին թրքական զանգուածային ներողութիւնները, ստորագրահաւաքները կամ որոշ թուրք անհատներու այցելութիւնները` Ծիծեռնակաբերդ:

Խ. Գ.- Որեւէ ոճիր կ՛ենթադրէ տառապանք, հետեւաբար թուրք հասարակութիւնն ալ իր կարգին կը տառապի իր եղեռնագործ նախնիներուն պատճառով: Մենք արդարութեան պահանջատէրն ենք, անոնք` պատմութիւնը կեղծողները:

Թուրքիոյ բարեկեցիկ ներկան կրնայ փճանալ հոգեբանական բազմաբնոյթ հիւանդութիւններու պատճառով: Թրքական «ներողութիւններուն» մէջ թէեւ կան դիւանագիտական եւ շահադիտական միտումներ, սակայն կարելի է ենթադրել, որ այդ երեւոյթները նաեւ թուրք հասարակութեան առողջացման նախնական նշաններն են:

Ռ. Ա.- Ի՞նչ է մեր պարտաւորութիւնը այսօրուան սերունդին առջեւ:

Խ. Գ.- Առաջին հերթին նոր սերունդը պէտք է ազատագրել զոհի կարգավիճակէն` անոր ներշնչելով պայքարի ոգին, յաղթելու եւ հզօր երկիր ստեղծելու իրատեսական ներուժը: Իւրաքանչիւր հայ պէտք է համոզուի, որ Հայաստանը իր երկիրն է, իր տունը, իր հողը եւ ամէն օր քնանալէ առաջ մտածէ, թէ ի՛նչ ցանեց ինք այդ օրը մեր նախնիներու արեամբ պահպանուած` այս սրբազան հողին մէջ…

Երեւան

Share this Article
CATEGORIES