ՃԱՏՐԱԿ. ԱՇԽԱՐՀԻ ԽՄԲԱՅԻՆ 8-ՐԴ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՅԱՂԹԵՑ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԵՒ ԳՐԱՒԵՑ ԴԱՍԱՒՈՐՄԱՆ ՊԱՐԱԳԼՈՒԽԻ ԴԻՐՔԸ
Երէկ, Նինկպոյի մէջ (Չինաստան) տեղի ունեցող ճատրակի աշխարհի խմբային 8-րդ ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի ճակատումներուն, Հայաստանի տղոց հաւաքականը արձանագրեց մրցաշարքի իր երկրորդ յաղթանակը` 3,5-0,5 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Եգիպտոսը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք հայրենի կազմը առանձնացաւ պարագլուխի դիրքին վրայ` ապահովելով մրցաշարքի իր 6-րդ կէտը (երկու յաղթանակ եւ երկու հաւասարութիւն):
Ռոպերթ Յովհաննիսեան, որ իր առաջին մրցումը կատարեց, յաղթեց Մոհամետ Իզզեթի: Յաղթանակներ արձանագրեցին նաեւ Սերկէյ Մովսիսեան եւ Վլատիմիր Յակոբեան, որոնք յաջորդաբար պարտութեան մատնեցին Ահմետ Ատլին եւ Պասեմ Ամինը: Գաբրիէլ Սարգսեան միակն ըլլալով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Սամի Շուքերի հետ:
Լեւոն Արոնեան երէկ մրցում չկատարեց:
Ռուսիա անակնկալ պարտութիւն մը կրելով Ազրպէյճանէն (3-1) առաջին դիրքէն նահանջեց 4-րդ դիրք: Ազրպէյճանցիները գրաւեցին երկրորդ դիրքը:
Հուգարիա 2,5-1,5 արդիւնքով յաղթեց Ուքրանիոյ: Նոյն արդիւնքով Հնդկաստան յաղթեց Իսրայէլի: Վերջապէս, Չինաստան 3,5-0,5 արդիւնքով յաղթեց Միացեալ Նահանգներուն:
Այսօր, 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստանի մրցակիցը պիտի ըլլայ Չինաստան:
Ստորեւ կու տանք դասաւորումը.
————————–ԿԷՏ
1.- ՀԱՅԱՍՏԱՆ 6
2.- Ազրպէյճան 5
3.- Չինաստան 5
4.- Ռուսիա 5
5.- Հունգարիա 5
6.- Ուքրանիա 4
7.- Իսրայէլ 4
8.- Հնդկաստան 3
9.- Միացեալ Նահանգներ 3
10.- Եգիպտոս 0