«ՓԻՒՆԻԿ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԸ ՀԱԶՈՒԱԳԻՒՏ ՆՄՈՒՇՆԵՐ ԿԸ ՆՈՒԻՐԷ ՄԱՏԵՆԱԴԱՐԱՆԻՆ
Մատենադարանը երէկ համալրուած է 13-17-րդ դարերու հազուագիւտ նոր նմուշներով: «Փիւնիկ» բարեգործական հիմնադրամին նախաձեռնութեամբ, հին ձեռագիրներու թանգարան-հիմնարկին յանձնուած են մեծարժէք ձեռագիրներ` 2 Աւետարան, Քորան, յիշատակարան, Չարենցի ձեռագիրներու հաւաքածոյ, Վ. Սուրէնեանցի 23 գծանկար եւ այլ նիւթեր:
Մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեան նշած է, որ «Փիւնիկ» բարեգործական հիմնադրամը Մատենադարանի ընդլայնման եւ զարգացման ծրագիրներ կ՛իրագործէ բոլոր ուղղութիւններով` թէ՛ նոր մասնաշէնքի թեքնիք յագեցուածութեան ապահովման, թէ՛ կահաւորման ու սարքաւորումներու ձեռքբերման եւ թէ՛ գիտամշակութային ծրագիրներու առումով:
«Փիւնիկ» բարեգործական հիմնադրամի նախագահ Լեւոն Սարգսեան իր խօսքին մէջ նշած է, որ նման նախաձեռնութիւնները շարունակական պիտի ըլլան, յաջորդ նմուշները պիտի նուիրուին սեպտեմբերին` նոր մասնաշէնքի բացման առիթով:



