ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌԱՖԱՅԷԼ ԵՒ ՆՈՒՐՀԱՆ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐԸ

Երէկ` չորեքշաբթի, 20 յուլիս 2011-ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս  Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ  ընդունեց Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Վրաստանի հայ կաթողիկէ համայնքներու արքեպիսկոպոս Ռաֆայէլ Մինասեանը: Գերապայծառը Վատիկանի կողմէ յիշեալ շրջաններու առաջնորդ իր նշանակումէն ետք, այցելած էր վեհափառին, եւ անցնող կիրակի անոր ձեռնադրութիւնը տեղի ունեցած էր Պէյրութի Ս. Եղիա եկեղեցւոյ մէջ:

Ռաֆայէլ արքեպիսկոպոսին կ՛ընկերանար Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութեան լուսարարապետ Նուրհան արք. Մանուկեան: Հանդիպումին նաեւ ներկայ գտնուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի տեսուչ` Նարեկ արք. Ալեէմեզեան:

Հանդիպումը առիթ եղաւ խորհրդակցելու հայ եւ կաթողիկէ եկեղեցիներուն միջեւ փոխյարաբերութիւնն ու գործակցութիւնը զարգացնելու կարելիութիւններուն շուրջ: Վեհափառը շեշտեց, թէ «հակառակ այն իրողութեան, որ պատմութեան պայմաններուն բերումով կաթողիկէ ու աւետարանական համայնքներ յառաջացան մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, անհրաժեշտ է սակայն մեր ներքին միասնականութիւնը ամրապնդել` համախմբուելով մեր ազգի ու հայրենիքի գերագոյն արժէքներուն ու ձգտումներուն շուրջ»:

Share this Article
CATEGORIES