Իր Տեսակին Մէջ Եզակի Եւ Առաջին Անգամ Ըլլալով`. Հրապարակուեցաւ «Ախոյեան Մարզիկներու 2015-ի Օրացոյցը»

PROFOTO

PROFOTO

Կազմակերպութեամբ «Սփոր Էվազիոն»-ի, Նեպիլ Քարամի թանգարանին մէջ (Զուք Մոսպեհ) տեղի ունեցաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ հրապարակուեցաւ «Ախոյեան մարզիկներու 2015-ի օրացոյցը»:

Այս մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա, բազմաթիւ ֆետերասիոններու նախագահներ, «Պրէյվ Հարթ» միութեան նախագահը, մարզական լրագրողներ եւ յատուկ հրաւիրեալներ:

Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին «Սփոր Էվազիոն»-ի ընդհանուր տնօրէն Պասսամ Թըրք ըսաւ, որ այս օրացոյցէն հաւաքուած գումարին 25 առ հարիւրը պիտի տրամադրուի «Պրէյվ հարթ» միութեան, որ բարեսիրական նպատակներ կ՛իրագործէ` մանուկներու սրտի վիրաբուժութիւններ կատարելով:

Այդ միութեան նախագահը` Ժումանա Աթալլա, խօսք առնելով ըսաւ, որ 11 տարուան ժամանակամիջոցին աւելի քան 2500 փոքրերու սրտի յաջող վիրաբուժութիւններ կատարուած են, եւ ցարդ իրենց առաքելութիւնը կը շարունակուի:

Նշենք, որ այդ օրացոյցին մէջ տեղ գտած են հետեւեալ 12 ախոյեան մարզիկները.

Ապտօ Ֆըղալի (ինքնաշարժի վարորդ), Սիլվիօ Շիհա (ջուրի վրայ դահոյկ), Էլի Ռըսթոմ (պասքեթպոլ), Սանտրին Ժապրա (թենիս), Ազիզա Սպէյթի (Աթլեթիզմ), Շատա Նասըր (պասքեթպոլ), Քարէն Շամմաս (ժիւտօ), Տոնա Սաատէ (մարմնամարզ), Մայա Նասսար Մաալուֆ (մարմնամարզ), Ապպաս Աթուէ (ֆութպոլ), Ռաֆիտ Իտ (մոթոր) եւ Թարեք Ֆինիանոս (դահուկարշաւ):

 

Share this Article
CATEGORIES