Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Այսօր Կը Սկսի 13-րդ Հանգրուանը

Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 13-րդ հանգրուանի մրցումները կը սկսին այսօր` երկու հանդիպումներով:

2-րդ դիրքին վրայ գտնուող Մայատին, որ Սատի դաշտին վրայ պիտի մրցի Ռապիհի դէմ, յաղթանակի մը պարագային պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պէյրութի դրամատան նման պիտի ունենայ նոյնքան կէտ: Վերջինս շաբաթավերջին մրցում չունի կատարելիք:

Կիրակի օր բաւական հետաքրքրական մրցում մը պիտի ըլլայ Թրիփոլի Ֆայհա – Լիբանանեան բանակ մրցումը` Սեն Ժոզեֆի դաշտին վրայ:

Ստորեւ` մրցումներուն յայտագիրը.

ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Մայատին – Ռապիհ 19:30 Սատ
Սեն Ժոզեֆ – Շուէյֆաթ 19:30 Սեն Ժոզեֆ
ՇԱԲԱԹ
Ալամուն – «Էյ. Եու. Էս. Թի.» 19:00 Էմիլ Լահուտ
Կանըրզ Լեպանոն – Ղըպէյրի 19:30 Սատ
ԿԻՐԱԿԻ
Թրիփոլի Ֆայհա – Լիբանանեան բանակ 19:30 Սեն Ժոզեֆ
Share this Article
CATEGORIES