Կիրակի, 26 Հոկտեմբերին. Ճատրակի Մրցաշարք` Նախկին Խորհրդային Միութեան Շրջանաւարտներու Ակումբին Մէջ
Կազմակերպութեամբ Նախկին Խորհրդային Միութեան շրջանաւարտներու ակումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, կիրակի, 26 հոկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն սկսեալ, ակումբին մէջ տեղի պիտի ունենայ ճատրակի միօրեայ տարիքային մրցաշարք մը:
Կազմակերպիչ ակումբի գլխաւոր պատասխանատու եւ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի անդամ Հիւսէյն Համմուտ կը յայտնէ, որ այս մրցաշարքը «Լիբանանեան-ռուսական բարեկամութեան մրցաշարք» անունը կը կրէ:
5 դասակարգերով տեղի ունենալիք այս մրցաշարքը պիտի ընթանայ զուիցերիական օրէնքով եւ պիտի ընդգրկէ 6 հանգրուան:
Մրցաշարքին կայացման վայրին հասցէն է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի շրջան, ԵՈՒՆԵՍՔՕ թաղ, «Ֆախրի» շէնք, Ա. յարկ:
Անուններու արձանագրութեան համար պէտք է հեռաձայնել հետեւեալ թիւերէն մէկուն. 03-771795 եւ 71-107597:
CATEGORIES Մարզական

