«ԵՒՐՈՊԱՆ ԿԸ ԿՈՐՍՆՑՆԷ ԱՇԽԱՐՀԻ ՄԷՋ ԻՐ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ» Կ՛ԸՍԷ ՌԱՍՄՈՒՍԵՆ

Ռասմուսեն

Ռուսական «Վի.զի.» կայքէջը կը հաղորդէ, որ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս վոկ Ռասմուսեն յայտնած է, որ եթէ եւրոպական երկիրները չսկսին անհրաժեշտ չափով միջոցներ ներդրել պաշտպանութեան մարզի ծրագիրներուն մէջ, անոնք կրնան աշխարհի մէջ ճգնաժամային իրադարձութիւններուն արձագանգելու կարողութիւնը կորսնցնել:

Ան ընդգծած է, որ աշխարհի մէջ տեղի ունեցող հոլովոյթներուն եւրոպական երկիրներու ազդեցութիւնը արագընթաց կերպով կը նուազի:

Ըստ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարին, եթէ այդ ընթացքը չկանխարգիլուի, ապա եւրոպացիներուն կորսնցուցած դիրքերը արագ կերպով «պիտի գրաւեն» Չինաստանի եւ Հնդկաստանի նման «թափ հաւաքող» երկիրները:

Նշենք, որ յունիսին Միացեալ Նահանգներու օրուան պաշտպանութեան նախարար Ռոպըրթ Կէյց յայտարարած էր, որ սեփական ելեւմտական դժուարութիւններու պայմաններուն մէջ Միացեալ Նահանգներու համար հետզհետէ աւելի դժուար կը դառնայ պահպանել դաշինքին աջակցութեան այժմու մակարդակը (Միացեալ Նահանգներ ՕԹԱՆ-ի ֆինանսաւորման 75 առ հարիւրը կը տրամադրէ):

Կէյց նաեւ ըսած էր, որ դաշինքի միւս անդամները չեն ուզեր անհրաժեշտ ջանքեր գործադրել Միացեալ Նահանգներու լիարժէք գործընկեր դառնալու համար:

 

 

Share this Article
CATEGORIES