Ինթեր Միլան Հետաքրքրուած` Ճիորճի Հաճիի Զաւակով

1024_inter-hagi's-sonԻտալական մամուլին համաձայն, Ինթեր Միլան շատ մօտէն հետաքրքրուած է եւ ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ իր կազմին միացնելու ռումանացի անուանի նախկին ֆութպոլիստ Ճիորճի Հաճիի զաւակը` Եանիս Հաճին:

ArmSport.am կը հաղորդէ, որ ներկայիս 16 տարեկան միջնապահը հանդէս կու գայ Վիիթորուլէն:

Սակայն պէտք չէ մոռնալ այն իրողութիւնն ալ, որ քաթալոնիական Պարսելոնան եւս հետաքրքրուած է Եանիս Հաճիով, կը յայտնէ goal.com:

Share this Article
CATEGORIES