Տարիներուս Հաշիւը Կորսնցուցած Եմ, Թող Մէկը Յուշէ

ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

«Արարատ տուն» այցելութեանս ընթացքին, երբ  տարեցի մը հարց տուի, թէ` «որքա՞ն ժամանակէ ի վեր այստեղ ես», ան պատասխանեց` ըսելով. «Արդէն իսկ տարիներուս հաշիւը կորսնցուցած եմ, թող մէկը յուշէ»: Եւ ան սքանչելի լաւատեսութեամբ մը նկարագրեց իր ապրած վայրն ու զինք շրջապատող անձերը: Մտային մոռացութեան մէջ ապրիլը եւ անոր դիմելը շատ անգամ  երանական վիճակի մէջ գտնուիլ է, մանաւանդ` փորձել մոռնալ սպասումի պահերն ու վիշտ պատճառող հանգամանքները: Շատ անգամ նոյնիսկ մեր ներկայ կացութեան հետ ընտելացումը, որ լաւատեսութեան արտայայտութիւններէն մին կրնայ ըլլալ, արդիւնք է մեր անջնջելի  յիշողութիւնները մոռնալ փորձելու ճիգին:

Այսպէս է նաեւ հաշմանդամ մարդու մը պարագան: Բեթհեզդա կոչուող աւազանի սրահներուն մէջ, ուր  երկու հազար տարիներ առաջ կը պառկէին հիւանդներ, որոնք կը սպասէին ջուրին խառնուելուն, երբ տարին անգամ մը, հրեշտակ մը կ՛իջնէր ու ջուրերը կը խառնէր, եւ ով որ ջուրին խառնուելէն ետք ամէնէն առաջ մտնէր, կը բժշկուէր աստուածային հրաշքով, ի՛նչ հիւանդութիւն ալ ունենար: Հոն կար հիւանդ մարդ մը, երեսուն եւ ութ երկար տարիներ ընտելացած էր իր հաշմանդամ վիճակին: Այս մարդուն ներկայութիւնն ու տանջանքը նկատեց Աստուածորդին, երբ տեսաւ, որ ան պառկած էր աւազանին եզրին, գիտցաւ, որ երկար ժամանակէ ի վեր դատապարտուած  էր ան  այնտեղ պառկած մնալու: Ան ըսաւ անոր. «Կ’ուզե՞ս առողջանալ». հիւանդը պատասխանեց. «Տէր, մարդ մը չունիմ, որ երբ ջուրերը խառնուին, զիս աւազանը ձգէ, ու քանի որ ես ծանր կը շարժիմ, ինձմէ առաջ ուրիշ մը կ՛իջնէ»: Յիսուս ըսաւ անոր. «Ե՛լ, մահիճդ առ ու քալէ»:

Աստուած ցարդ իր հրեշտակները մարդոց ճամբով կը ղրկէ:

Աստուածորդին զինք հարցապնդողներուն քաջաբար պատասխանեց. «Իմ Հայրս մինչեւ հիմա կը գործէ, Ես ալ կը գործեմ»:

Այս դրուագը որքան հարազատ հնչեց  ականջներուս, երբ  անդրադարձայ, թէ ինչպէս Ամերիկայի արեւմտեան ափերուն, արեւելեան հողմերէն քշուած, արեւահար բուռ մը հայեր կ՛երազէինք, որ մեր աւազանը եւս խառնուէր հրեշտակի մը կողմէ` սթափելու եւ վերականգնելու համար: Թերեւս իւրաքանչիւրս յոգնած, պարտասած, նստած իր  ներքին աւազանի եզրին` ջուրի հայելիին մէջ կը դիտէր իր յոգնասպառ դիմագիծերը, իր անձով տարուած, մտահոգութիւններով, նոյնիսկ` անկարող ելքի մը մասին մտածելու, յանկարծ կը յայտնուի զինք ջուրը ձգող, հրող, կազդուրող գործի մղող, վերականգնող եւ իր պարտաւորութիւններուն մասին անդրադարձնել տուող քաջ հովիւը, որ կրնար ոչ միայն խառնել ջուրերն ու աւազանը, այլեւ`  անկարողները հրել, որ կարենան մտնել` ջուր, մաքրամաքուր, առողջարար կենարար բժշկարար ջուր, ի վերջոյ մեր կեանքին տարրական մասն ու անհրաժեշտութիւնը եղող ջուրը:

Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդը` Շահան արքեպիսկոպոս, մեր սրբազան հայրը, կրկին ստանձնելով հրեշտակի իր դերն ու  պարտականութիւնը` անգամ մը եւս եկաւ խառնելու մեր աւազանները, մենք, որ ծարաւած հոգիներով  նետուած Խաղաղականի ափին` կը սպասէինք հրաշքի մը:

Եկաւ խառնելու բոլորիս հոգեւոր աւազանները, զօրացնելու մեզ, ոտքի հանելու եւ ըսելու. «Իմ Հայրս մինչեւ հիմա կը գործէ, Ես ալ կը գործեմ». ըսելու` «կարիք չկայ յուսահատելու, ձեր յոյսը եւ ոչ թէ ձեր ցաւերն ու մտահոգութիւնները ըլլան ձեր ապագան ձեւաւորողը»… Ըսելու, թէ բոլոր հաւատացեալները նոյն մարմնին անդամներն են, մեզ համախմբելու այդ մարմնին շուրջ…

Տասը ամբողջ օրեր իր օրհնառատ շունչն ու ներկայութիւնը անսակարկօրէն բաշխելէ ետք մեզի, խաղաղեցաւ մեր անհաստատ հորիզոնը, փարատեցան մեր էութեան  եւ հոգիին վրայ կուտակուած ամպերը, նորոգուեցաւ աւազանին ջուրը, հրեշտակը օծեց մեզ, մասնաւորապէս`  վտարանդի սուրիահայերս, իր կենդանարար եւ բժշկարար Աջով…

Վերջերս, երբ մեր կացարանին կից հանրային աւազանին մօտ կը հետեւէի, թէ ինչպէ՛ս ծնողներ իրենց մանուկներուն լողալ կը սորվեցնէին, նկատեցի, որ ամերիկացի մայրեր, հայրեր իրենց 3-10 տարեկան երեխաները բռնի, առանց անոնց հաւանութիւնն ու կամքը հարցնելու, ջուրը կը ձգէին զանոնք, որ կարենան լողալ սորվիլ. ուշի ուշով հետեւեցայ ծնողներու վճռորոշ դերակատարութեան, անոնց զաւակներուն լաց ու կոծին. ծնողները կը մնային անդրդուելի եւ վճռական. անոնցմէ մին ինծի ըսաւ. «Պէտք է լողալ սորվի, ամէն գնով, ականջ պէտք չէ տալ լաց ու կոծին», եւ անմիջապէս բռնեց երեխային լողազգեստէն եւ զայն շպրտեց դէպի աւազանին ամէնէն խորունկ կողմը…

Իսկ անդին` մեքսիքացի ծնող մը ոչ իսկ կը մտածէր իր եօթնամեայ դստեր համար լողալու օրինակներ տալու մասին, նոյնիսկ չէր փորձեր համոզել զայն  ջուրը մտնելու. երեխան աւազանին եզրին զբաղած էր իր խաղալիքով, իսկ հայրն ու մայրը` իրենց հեռաձայնային զրոյցներով:

Եւ ես սկսայ մտածել` յանձնառու, ազատատենչ եւ ստրկամիտ, պատեհապաշտ ծնողներու եւ պատասխանատուներու մասին:

Հոգեւոր պետերու մասին, որոնք դարերէ ի վեր աչալրջութեամբ, իրենց կեանքի գնով ստանձնած են մեր ազգի առաջնորդութիւնը` ի տարբերութիւն ստրկամիտ ժողովուրդներու, որոնք  անզգալաբար գերադասած են վարել հանգիստ կամ անտարբեր կեանք:

Արժան եւ Իրաւ հովիւք: Քանզի հովիւ քաջ զանձն իւր դնէ ի վերայ ոչխարաց:

Քաջ հովիւներու մասին, որոնք իրենց հօտին համար ոչ մէկ ջանք խնայած են, նուիրաբերումով եւ անմնացորդ ծառայութեամբ, իրենց անձերը ենթարկած են բազմապիսի վտանգներու` ոչ միայն իրենց հօտին  հացը ապահովելու, այլ` ոգեղէն հացի գոյատեւման  համար ելքեր փնտռելու, հնար գտնելու…

Հայ դպրոցը եկեղեցւոյ կողքին ողնասիւնն է տարագիր հայութեան…

Քաջ հովիւը իր հօտին ամէնէն յետին ոչխարին համար ճամբայ կ՛ելլէ ազատելու զայն մահէ, ելքեր կը փնտռէ հնոցի մէջ ապրող իր զաւակներուն համար, իսկ անդին` Թրուպատուրի աւազանի եզրին պառկած իր յոգնած, ուժասպառ, ընդարմացած զաւակներուն համար ջուրը կը խառնէ` զանոնք ոտքի հանելու զինելու զօրացնելու, նորոգելու անոնց ուժը, եւ` դէպի ջուրին ամենախոր վայրերը նետելու համար, որպէսզի անոնք լողալ սորվին, կարենան ցամաքի վրայ ուղիղ քալել եւ բնաւ չնուաղին, վազեն ու չյոգնին, իսկ օդին մէջ ուղղութիւն ճշդեն արծիւներու պէս, թեւերով վեր սլանան…

 

 

Share this Article
CATEGORIES