ՄԱՆՍՈՒՐ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՔՈՆԵԼԼԻՆ ԵՒ ԻՐԱՆԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Նախարար Մանսուր եւ դեսպան Քոնելլի

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Լիբանանի պատասխանատուութիւնները` կառչած մնալու միջազգային իր բոլոր յանձնառութիւններուն:

Մանսուրի այցելեց նաեւ իրանեան խորհրդարանական պատուիրակութիւն մը` գլխաւորութեամբ Իրանի խորհրդարանի փոխնախագահ Մոհամետ Ռիտա Պահերի:

Հանդիպումէն ետք Պահեր ընդգծեց Լիբանանի եւ Իրանի միջեւ երկկողմանի գործակցութեան ամրապնդման կարեւորութիւնը:

Միւս կողմէ, Մանսուր նկատել տուաւ նաեւ, որ դիւանագիտական նշանակումներուն թղթածրարը օրակարգի վրայ է` աւելցնելով, որ այդ թղթածրարին գծով քաղաքական ոչ մէկ միջամտութիւն կը կատարուի:

Share this Article
CATEGORIES