ԶՕՐ. ՔԱՀՈՒԱԺԻ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՖՐԱՆՍԱ

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի, որ պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Ֆրանսա, երէկ Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ֆրանսական բանակի սպայակոյտի պետ ծովակալ Էտուար Կիյոյի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ ֆրանսական բանակներուն միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը բարելաւելու կարելիութիւններն ու հեռանկարները:

Զօր. Քահուաժի Կիյոյին շնորհակալութիւն յայտնեց ֆրանսական բանակին կողմէ լիբանանեան բանակին ներկայացուած զինուորական օժանդակութիւններուն, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող ֆրանսական ջոկատին մատուցած ծառայութիւններուն եւ Լիբանանի ապահովական կայունութեան հսկելուն համար:

Կիյօ իր կարգին յայտնեց, որ Ֆրանսա մեծ վստահութիւն ունի Լիբանանի պահպանման եւ անոր շահերուն պաշտպանութեան իմաստով լիբանանեան բանակին ազգային դերակատարութեան վրայ:

Զօր. Քահուաժի Էլիզէի պալատին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ նախագահական պահակագունդի հրամանատար զօր. Պենօ Պոկայի հետ: Քննարկուեցաւ երկու բանակներուն միջեւ գործակցութեան եւ յարաբերութիւններուն ամրապնդումը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES