Հայոց Ցեղասպանութեան Օրերուն Արաբ Բունար

Agos_womanchildՍերտար Քորուճուն «Ակօս»-ի մէջ հրատարակուած իր յօդուածին մէջ կը պատմէ, թէ Արաբ Բունար, որուն մասին քիւրտ առաջնորդները կ՛ըսեն, որ` իսլամական բանակին կողմէ գրաւուի, ապա ցեղասպանութիւն կրնայ կատարուել հոն», 100 տարի առաջ ի՞նչ վիճակի մէջ էր Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ:

Ակունք 20-րդ դարու սկիզբը Արաբ Բունար սովորական կայան էր` 1912-ին  բացուած Գոնիա-Պաղտատ երկաթուղագիծին վրայ:

Այրած Դիակներ

Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ կատարուածներու վերաբերեալ Հալէպի մէջ Գերմանիոյ հիւպատոս Վոլթեր Ռոսլէրի` Գերմանիոյ վարչապետ Թէոպալտ Ֆոն Պեթման Հոլվեքին ուղղուած զեկոյցներուն մէջ Արաբ Բունար կը յիշատակէ որպէս «Արաբ Բունար»:

Վոլթեր Ռոսլերը 1915-ի օգոստոս 13-ի իր զեկոյցին մէջ կ՛անդրադառնայ օգոստոս 11-ին իրեն ուղարկուած «աւստրիացիի մը գրածներուն», ուր տեղ գտած տեղեկութիւններուն մէջ կը նշուի այդ շրջանին մէջ ցեղասպանութեան զոհերու այրած դիակներու մասին. «Ուրֆա-Արաբ Բունար ճանապարհին հաւանաբար մթութեան պատճառով դիակ չէի տեսներ, սակայն վարորդս, որ շարունակ այս ճանապարհով կ՛երթար, ժամանակ առ ժամանակ այրած վայրեր ցոյց կու տար, քանի որ սպաննուած մարդոց մարմինները անմիջապէս նոյն վայրին մէջ կ՛այրէին»:

56 Աստիճան Տաք

Գրութիւններուն մէջ անդրադարձ կայ նաեւ Ցեղասպանութեան կարաւաններուն մասին. «Որոշ կարաւաններ ցաւագալար կը հաւաքուին եւ աղաղակներ արձակելով` յառաջ կը շարժին: Ոեւէ անծանօթ ճամբորդի հանդիպելու պարագային, այս խեղճ մարդոց մեծամասնութիւնը ծնրադիր օգնութիւն կ՛աղերսէին եւ կամ ալ կը խնդրէին, որ իրենց երեխաներուն գոնէ վերցնեն: 56 աստիճան տաքի եւ ջուրի բացակայութեան պայմաններուն մէջ մեծ մասը կը մահանար, իսկ ողջ մնացածներու մահն ալ մօտ էր»:

Ուրֆայէն Սուրիոյ անապատներ երկարող ճանապարհին վրայ գտնուող շրջանը Ցեղասպանութեան զոհերու մեծ մասին համար մահուան ճամբորդութեան վերջին կանգառն էր:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )