Լիբանանի Թեմի Կիրակնօրեայ Դպրոցներ Աշակերտական Վերամուտ
Կիրակի, 26 հոկտեմբեր 2014-ին Լիբանանի հայոց թեմի առաքելական եկեղեցիներուն կողքին գործող կիրակնօրեայ դպրոցներուն մէջ տարբեր խանդավառութիւն կը տիրէր: Վերամուտի առիթով ծնողները անսալով Լիբանանի հայոց թեմի կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ մարմինի կոչին` փութացին իրենց զաւակները արձանագրելու քրիստոնէական դաստիարակութիւն ջամբող կիրակնօրեայ դպրոցները:
Արդարեւ, 1929-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սահակ Բ. Խապայեան կաթողիկոսին կոնդակով հիմնուած Կիրակնօրեայ դպրոցները արդէն թեւակոխած են 85-րդ տարին: Հայ վարժարաններու կողքին հիմնուած են այս դպրոցները` նպատակակէտ ունենալով քրիստոնէական դաստիարակութիւն ջամբել նոր սերունդին` հոյլ մը ուսուցիչներու անսակարկ նուիրումով:
Լիբանանի թեմին մէջ կը գործեն 12 կիրակնօրեայ դպրոցներ` Սրբոց Քառասնից Մանկանց, Ս. Աստուածածին, Սրբոց Վարդանանց, Ս. Սարգիս, Հայ առաքելական եկեղեցասիրաց եղբայրակցութիւն, Ս. Գէորգ, Ս. Յարութիւն (Ռըմէյլ), Ս. Յովհաննու Կարապետ, Մայրավանք, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ «Շուշանեան», Ռաուտա, Ֆանար յատուկ ծրագիրով, որ պատրաստուած է Լիբանանի թեմի կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ մարմինին կողմէ:
Յայտնենք, որ կիրակնօրեայ դպրոցներու վերամուտին եւ հիմնադրութեան 85-ամեայ յոբելեանին առիթով Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան իր օրհնութեան խօսքը յղած էր, որ կարդացուեցաւ վերամուտի օրը բոլոր կիրակնօրեայ դպրոցներուն մէջ:

