Անդրադարձ. Քիւրտերու «Երկաթէ Շերեփը» Եւ Ձեռնունայն Ու Յուսախաբ Թուրքիան
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Քրտական «երկաթէ շերեփ»-ին շնորհիւ Արաբ Բունարի փրկութեան մասնակցելու համար Թուրքիոյ ներկայացուցած նախապայմաններէն ոչ մէկը իրականացաւ եւ պատահեցաւ ճիշդ հակառակը: Անգարան դէմ էր քաղաքին զէնքի մատակարարման` մեկնելով այն մտավախութենէն, որ անոնք կրնան ՔԱԿ-ի ձեռքը անցնիլ, սակայն ամերիկեան կողմը ճիշդ այդ մէկը կատարեց եւ Էրտողանի այն բողոքներուն, թէ կատարուածը սխալ մըն է, պատասխանեց. «Եթէ պէտք ըլլայ ապագային եւս այդ մէկը պիտի կատարենք»: Թրքական կողմը շարունակ պնդեց, որ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութիւնը ահաբեկչական կազմակերպութիւն մըն է, սակայն Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը այդ պնդումը մերժեց: Աւելի՛ն, նկատի ունենալով, որ Թուրքիա 2003-էն ի վեր հազարումէկ պատրուակներով կը մերժէ Ինճիրլիքի ռազմակայանին ամերիկեան ուժերուն կողմէ օգտագործումը արտօնել, Ուաշինկթըն այժմ Ինճիրլիքը պիտի փոխարինէ Իրաքի քրտական շրջանի «Հարիր» օդակայանով:
Ի տես իր կատարեալ մեկուսացման, Թուրքիան ստիպուեցաւ համաձայն գտնուիլ հիւսիսային Իրաքի քրտական շրջաններուն եւ Արաբ Բունարի միջեւ միջանցքի մը ստեղծման, որուն ճամբով 200 փեշմերկաներ իրենց ծանր զէնքերով պիտի հասնին պաշարման ենթակայ իրենց ազգակիցներուն օգնութեան: Այսպիսով, Անգարա անուղղակի կերպով մասնակից դարձաւ իր կողմէ «ահաբեկչական» նկատուող եւ ՔԱԿ-ի առնչակից Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան զինուորական օժանդակութեան: Աւելի՛ն, միջանցքին ստեղծումով ան արտօնած եղաւ բռնաբարումը թուրքերուն համար կարեւորագոյն հարցերէն «Ազգային գերիշխանութեան», որ արդէն 3 տարիէ ի վեր կը բռնաբարուի ժիհատական զինեալներու կողմէ, սակայն ի տարբերութիւն վերջիններուս համար Անգարայի կողմէ ստեղծուած «լայն մայրուղիներուն»` հիւսիսային Իրաք-Արաբ Բունար փոքր միջանցքը քիւրտերուն համար է, ինչ որ վստահաբար պիտի յառաջացնէ թրքական ազգայնական շրջանակներու զայրոյթն ու բանակին խոր դժգոհութիւնը:
Թուրքիան Արաբ Բունարի պաշարման մեղսակից դառնալով մեծ սխալ մը գործեց: Ան ոսկի առիթ մը ունէր Արաբ Բունարի փրկիչը դառնալով մէկ քարով քանի մը թռչուն զարնելու` Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ քիւրտերը սիրաշահելու եւ շրջանին մէջ իր մեկուսացումէն դուրս գալու, սակայն քիւրտերուն նկատմամբ ատելութենէն կուրցած իր գրաւը դրաւ «սխալ ձիուն» վրայ, եւ այդ պատճառով ալ «բոլոր թռչունները թռչեցան» եւ ինքզինք առիւծ մը կարծող Էրտողանն ու Թուրքիան յայտնուեցան յուսախաբ եւ ձեռնունայն կատուի մը վիճակին մէջ:
Անգարա նոյնիսկ իրեն հետ լաւ յարաբերութիւններ ունեցող Իրաքի քրտական ինքնավար մարզին աջակցութիւն չցուցաբերեց, երբ ՏԱՀԵՇ դէպի Էրպիլ յառաջացաւ: Քիւրտերուն աջակցութեան հասան Թեհրանն ու Ուաշինկթընը: Վերջինս Արաբ Բունարի ինքնապաշտպանութեան աջակցելով` յաչս քիւրտերուն ամրապնդեց իրենց պաշտպանը ըլլալու այն վարկը, որ արդէն շահած էր Ծոցի պատերազմին ընթացքին: Թուրքիա կէտեր զիջեցաւ իր շրջանային մրցակից Իրանին, երբ վերջինս զէնք-զինամթերք տրամադրեց ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կռուող փեշմերկաներուն եւ ուղղակի մասնակցութիւն բերաւ իրաքեան Էմիրլի քաղաքի պաշարման վերջ տալու գործողութեան, այդ ալ` Յեղափոխական պահակագունդի «Քուտս» ջոկատի հրամանատար Քասեմ Սլէյմանիի անմիջական մասնակցութեամբ:
Իրաք-Սուրիա միջանցքի յառաջացումը ցուցանիշն է իրենց դաշնակիցներուն` քիւրտերուն եւ ՏԱՀԵՇ-ի ճամբով Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա անուղղակի պատերազմին մէջ վերջինիս կրած պարտութեան ու շրջանային մակարդակի վրայ յաւելեալ վարկաբեկման:
Այս բոլորի լոյսին տակ կարելի է ըսել, որ շրջանային քաղաքականութեան տեսանկիւնէն` Արաբ Բունարի հարցով Անգարայի հասած հարուածը աւելի ծանր է, քան Եգիպտոսի մէջ Իսլամ եղբայրներու իշխանութեան տապալումը: Միւս կողմէ, Թուրքիոյ այս պարտութեամբ Իրաքի մէջ քրտական ինքնավար մարզի ընդլայնման հեռանկարի հաւանականութիւնը աճ արձանագրեց, ինչ որ Դամասկոսը մղեց Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զոհպիի բերնով յայտարարելու, որ սուրիական հողերէն թիզ մը իսկ պիտի չխլուի, սուրիական հողերը կարմիր գիծ են եւ իրենք պատրաստ են անոնց ամբողջականութիւնը պաշտպանելու:
Ներկայիս շրջանային քաղաքականութեան մէջ կարեւորագոյն դերակատարներն են քիւրտերն ու ՏԱՀԵՇ-ը: Կը թուի, թէ դէպքերու զարգացումը կ՛ընթանայ ի նպաստ քիւրտերուն. կը մնայ տեսնել, թէ անոնց «երկաթէ շերեփ»-ը որքանո՛վ պիտի տոկայ յարափոփոխ շրջանային ու միջազգային քաղաքականութեան հնոցին մէջ:

