Տիգրանակերտի Քաղաքապետը Երեւանի Մէջ Այցելեց Ցեղասպանութեան Թանգարան

1027_Osman-BaydemirԱռաջին անգամ ըլլալով Երեւան այցելած  Տիգրանակերտի քաղաքապետ Օսման Պայտեմիր   իրականացուցած է իր տարիներու երազը` ըլլալ Հայաստանի հանրային ձայնասփիւռի կայանին մէջ եւ այցելել Ցեղասպանութեան թանգարան: Այդ մասին յայտնեց «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանը: Տիգրանակերտէն Հայաստան հասած պատուիրակութիւնը երէկ  այցելած է ձայնասփիւռի կայանի շէնք, ծանօթացած քրտերէն հաղորդումներու բաժինի աշխատանքին: «Ամբողջ կեանքիս երազն էր` մինչեւ մահս այցելել Երեւանի ձայնասփիւռի կայան եւ Ցեղասպանութեան թանգարան: Ես այսօր կ՛իրականացնեմ իմ երազած ճամբորդութիւնս: Իբրեւ քիւրտ ժողովուրդի զաւակ` ես պարտաւոր էի ըլլալ այստեղ եւ բարեկամութեան ձեռք երկարել հայ ժողովուրդին: Երեւանի ձայնասփիւռի կայանը քրտերէն հաղորդում սփռած առաջին պետական ձայնասփիւռի կայանն է: Երբ սկսան հաղորդումները, քրտական մշակոյթն ու երաժշտութիւնը այլ տեղեր արգիլուած էին: Երեւանի ձայնասփիւռի կայանին ստեղծած կամուրջը կենսական աղբիւր էր քիւրտ ժողովուրդին համար: Եւ այսօր կարգը մերն է, կ՛ուզենք անցեալին տեղի ունեցած ողբերգութիւններու սպիները մեղմացնող քայլեր առնել: Այդ քայլերէն մէկը Տիգրանակերտի մէջ Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ վերանորոգումն էր, ապա նաեւ հայերէնի դասընթացքներու կազմակերպումը»,  ըսած է Տիգրանակերտի` ազգութեամբ քիւրտ քաղաքապետը:

Share this Article
CATEGORIES