Մինա, Ամիունի Եւ Ապու Շահին` «Սքոր»-ի Այսօրուան Հիւրերը
Իւրաքանչիւր երեքշաբթի օրերը, գիշերուան ժամը 23:00-ին, «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն ուղղակիօրէն պատկերասփռուող «Սքոր» մարզական յայտագիրին այսօրուան հիւրերը պիտի ըլլան Լիբանանի ռելիի ախոյեան հանդիսացած Նիքոլա Ամիունի, Լիբանանի տղոց թենիսի ախոյեան Իպրահիմ Ապու Շահին եւ Անթունիէ համալսարանի մարզական բաժանմունքի ընդհանուր պատասխանատու Զինա Մինա: Վերջինս պիտի խօսի Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիկ Լիլիան Թիւրամի Լիբանան կատարելիք այցելութեան մասին:
Հարցազրոյցը կը վարէ մարզական լրագրող Նեժիպ Քահի:
CATEGORIES Մարզական

