Ժան Համմամ Վերադարձաւ Պահրէյնէն

1027_hammam-Երէկ յետմիջօրէին Մանամայէն (Պահրէյն) Պէյրութ վերադարձաւ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ, Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ժան Համմամ` այդտեղ ներկայ գտնուելէ ետք 20 տարեկանէն վար վոլիպոլի Ասիոյ 17-րդ ախոյեանութեան աւարտական մրցումին, որուն հրաւէրը ստացած էր Պահրէյնի եւ Արաբական վոլիպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ալի Պըն Մոհամետ Խալիֆէէն:

Մանամայի մէջ Ժան Համմամ հանդիպումներ ունեցաւ արաբական կարգ մը ֆետերասիոններու նախագահներուն հետ` այս մարզաձեւին մասին յաւելեալ նորութիւններու տեղեակ ըլլալու համար:

Նշենք, որ տիտղոսին տիրացաւ Իրան` յաղթելէ ետք Չինաստանի:

 

 

Share this Article
CATEGORIES