«Խըրխըզիստան` Մուտք Գործելով Մաքսային Միութիւն, Կ՛ընտրէ Չարեաց Փոքրագոյնը» Կ՛ըսէ Աթամպայեւ

Ալմազպեք Աթամպայեւ
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Խըրխըզիստանի նախագահ Ալմազպեք Աթամպայեւ Պիշքեքի մէջ կայուն զարգացման ազգային խորհուրդի նիստին ընթացքին յայտարարած է, որ Մաքսային միութիւն Խըրխըզիստանի մուտք գործելէն ետք` հանրապետութեան մէջ հաւանական է սղաճ եւ գիներու բարձրացում, սակայն հակառակ պարագային երկիրը պիտի բախէր ալ աւելի մեծ ընկերային-տնտեսական խնդիրներու:
«Եթէ մենք հրաժարինք այդ կազմակերպութիւն մտնելէն, ապա մեզի կը սպասէ վտանգներու ուժեղացուած տարբերակ», ըսած է ան` աւելցնելով. «Այդ կազմակերպութեան անդամ երկիրները վիրաւորելու համար չ՛ըսուիր, սակայն մենք կ՛ընտրենք երկու չարեաց փոքրագոյնը, մենք այլ ելք չունինք»:
Ըստ անոր, հանրապետութիւնը պէտք է Մաքսային միութեան միանայ այժմէն իսկ, որպէսզի հաւասար պայմաններ ու իրաւունքներ ունենայ միաւորման մնացեալ մասնակիցներուն հետ, ինչպէս նաեւ ստանայ որոշակի արտօնութիւններ, վարկեր եւ դրամաշնորհներ: Նախագահը նաեւ «լաւ» նկատած է Մաքսային միութիւն Խըրխըզիստանի ընդունման պայմանները, ներառեալ` 1 միլիառ տոլարի չափով երկրի զարգացման հիմնադրամի ստեղծումը: «Մեզի համար այժմ գլխաւորը երկրին կայունութիւնը պահպանելն է», նշած է Աթամպայեւ:
Նշենք, որ ըստ ընթացագիծի, Խըրխըզիստան պէտք է Մաքսային միութեան լիիրաւ անդամ դառնայ եւ մինչեւ 1 յունուար պիտի մտնէ Միասնական տնտեսական տարածք:

