ՀՅԴ Երիտասարդականի Մասնակցութիւնը Սեւծովեան Ժողովին
ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան հրաւէրով 23-26 հոկտեմբերին Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սեւծովեան շրջանի համագործակցութեան ժողով:
Ժողովին մասնակցեցան Ռումանիայէն, Շուէտէն, Մոլտովայէն, Վրաստանէն, Պիելոռուսիայէն, Սպանիայէն եւ այլ երկիրներէ պատուիրակներ:
ՀՅԴ Երիտասարդականը ժողովին կը մասնակցէր մէկ ներկայացուցիչով` Կարապետ Շադոյեան, Աւստրիա:
Ժողովի բացման ելոյթ ունեցան Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան Ընդհանուր քարտուղարը, փոխատենապետը եւ հիւրընկալող կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչը:
Կարապետ Շադոյեան իր ելոյթին ընթացքին ներկայացուց ՀՅԴ Երիտասարդականի կառոյցն ու գործունէութիւնը, խօսեցաւ Հայաստանի ներկայ իրավիճակին մասին` նշելով այն խնդիրները, զորս երկիրը ունի ներքին եւ արտաքին ճակատներուն վրայ:
Ժողովէն բացի մասնակիցները ունկնդրեցին դասախօսութիւններ «Երիտասարդներու անգործութեան հարցը», «Ժողովրդավարութիւն», «Երիտասարդներու գաղթը Սեւծովեան երկիրներէն» նիւթերուն վերաբերեալ, այցելեցին Պուլկարիոյ ընկերվարական երկու կուսակցութիւններու գրասենեակներ եւ հանդիպում ունեցան պատասխանատուներուն հետ:
Պուլկարացի երիտասարդներու խնդրանքով ժողովը միաձայնութեամբ իր զօրակցութիւնը յայտնեց, որ Պուլկարիոյ Վառնա քաղաքը ստանայ «Երիտասարդական քաղաք- 2017» կոչումը:
Աւարտին որոշուեցաւ յաջորդ տարի կազմակերպել Սեւծովեան շրջանի երկիրներու երիտասարդական ճամբար:

