Զիտան Երեք Ամիսով Կախակայուեցաւ

1028_zidaneԻր հրապարակած մէկ լուրին մէջ «Մարքա» հաղորդեց, որ Ռէալ Մատրիտ Քասթիլիայի գլխաւոր մարզիչ Զինետին Զիտան երեք ամիսով կախակայուեցաւ «Սեքունտա Բ.» կարգապահական կոմիտէին որոշումով:

Ֆրանսացի անուանի ֆութպոլիստը, որ այս տարեշրջանին սկիզբէն կը մարզէր Ռէալ Մատրիտի Բ. խումբը, այս պատիժին արժանացաւ` նկատի ունենալով, որ ան համապատասխան փաստաթուղթերը չունէր` մարզիչի իր աշխատանքը կատարելու համար:

Կախակայուեցաւ նաեւ անոր օգնականը` Սանթիակօ Սանչես, իր լուրը կ՛եզրափակէ ArmSport.am:

 

Share this Article
CATEGORIES