Պատկեր Մը Առօրեայէն

ՄԱՆՐԱԴԻՏԱԿ

APTOPIX-Mideast-Syria_Horo11Միջավայրը անտարակոյս իր ազդեցութիւնը ունի մարդ արարածին առօրեային վրայ: Տարիներ առաջ, երբ կեանքը բնական հունով կ՛ընթանար, մարդիկ այլազան նիւթերու մասին խօսակցելու պատրաստակամութիւն ունէին, մինչ ներկայիս բարեւէն ետք կ՛ուղղեն նոյն սովորական, սպառիչ հարցումները` առնչուած տան վիճակի, ճամբորդութեան, արտագաղթի…

Օրը կիրակի է, համալսարան ուղղուող հանրակառքին մէջ գլխածածկ տարիքոտ կին մը կը խնդրէ պետական հիւանդանոցի ամենամօտիկ կայանը իջնել… ու յանկարծ ինքնաշարժին մէջ կը ծփայ անոր ընտանիքին ողբերգական պատմութիւնը, հրթիռէն մահացող երիտասարդ հարսին, որբացած թոռներուն, ջղային խանգարումէ տառապող զաւակին: Ուրիշ մը կ՛ողբայ կորած զաւակը… արցունքներ, արցունքներ: Դաժան է ճիւաղներու հարուածով  թունաւորուած կեանքը:

Քաղաքը լեցուն է այնպիսի եղերական պատմութիւններով, որ պահ մը մարդ կը մոռնայ իր սեփական հարցերը, դժուարութիւնները:

«Աստուած ինք թող դատէ ու պատժէ բոլոր անգութները, տունը հաց չունինք ուտելու»:

Ծեր կինը ձեռքերը լայն բացած կը բախէ Բարձրեալին դռները, մինչ քաղաքին մէջ պայթումները կեանքեր կը հնձեն, անմեղ փոքրիկներու անդամները կը յօշոտեն, մարդոց տուները կը կործանեն:

Համալսարանական տղան կը վճարէ կարօտեալ, ծեր կնոջ փոխադրավարձը, կողքի  քրիստոնեայ կինը թղթադրամ կը սեղմէ տառապած կնկան ափին մէջ, երիտասարդուհի մը եւս թղթադրամ կ՛երկարէ: Ծեր կինը շնորհակալական բառեր կը մրմնջէ …

Ռումբերով, պայթուցիկ տակառներով, ականներով կործանող այս քաղաքին մէջ տակաւին կան` հաւատք, գութ, աղօթող

շրթունքներ, կարօտեալին մեկնած ձեռքեր…

***

Փողոցի անկիւնադարձին երկու բարեկամներու խօսակցութիւնն է.

– Վիզաս շուտով կ՛առնեմ:

– Ինչ լա՜ւ, վերջապէս կը միանաս ընտանիքիդ,-  կ՛ըլլայ պատասխանը:

Ողջագուրում ու արցունքոտ աչքեր:

Արտագաղթը վարակի նման սողոսկած է սուրիահայ գաղութի մարմնին մէջ եւ` տարածուած: Ընտանիքներու անդամները կը բաժնուին, բախտաւոր պարագային` այլ երկիրներու մէջ կը միանան, բայց ընդհանրապէս կը մնան բաժան-բաժան:

Ոմանց համար հայրենիքը ժամանակաւոր կացարան է, ուր գաղթականի կարգավիճակով հայորդիներ կը սպասեն ցանկալի «վիզա»-ին` չուելու համար թոշակ վճարող եւրոպական երկիրներ:

Հսկայ կորուստներ արձանագրած մայր գաղութը արիւնահոս իր մայր երակը սեղմած` տակաւին կը փորձէ կանգուն մնալ, տակաւին ձեռնարկներ ու հաւաքներ կը կազմակերպուին` անտեսելով տիրող իրավիճակը, տիրող խուճապային մթնոլորտը:

Թափառական հայը ցուպը ձեռքին, հարիւր տարուան կերտումի շրջանը ամբողջացնելով, ճակտի քրտինքով սարքածը տարտղնելով` կը հեռանայ:

Ու ակամայ հարցումը.

«Մեղադրե՞լ հեռացողները»

Պատասխանը կը մնայ անպատասխան, կը մնայ թաքուն` քաղաքական աղտոտ խաղաքարտերուն ծալքերուն մէջ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES