Գաղութէ – Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Նոր Ջուղա

Երկօրեայ Արարողութիւն` Նոր Ջուղայի
Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնի Առթիւ

0926_sourp-kevorkՍեպտեմբեր 26-ին, Նոր Ջուղայի  Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով, նախագահութեամբ Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեանի, տեղի ունեցաւ աղօրհնէք եւ ոչխարներու զենում: Արարողութեան աւարտին Սրբազանը ամփոփ կէտերու մէջ բացատրեց աղի օրհնութեան իմաստը: Երեկոյեան տեղի ունեցաւ հսկումի արարողութիւն:

Սեպտեմբեր 27-ին, Ս. Գէորգ  եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Թեմի առաջնորդ Բաբգէն եպս. Չարեան իր քարոզին մէջ շեշտեց վկայութեան կարեւորութիւնը` օրինակ տալով Ս. Գէորգ զօրավարը, որ իր կեանքին օրինակով ցոյց տուաւ ճշմարիտ քրիստոնեայի տիպարը: Աւարտին տեղի ունեցաւ  ջրօրհնէքի արարողութիւն եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

 

Յունաստան

«Հայ Մանուկին Անձնական Աստուածաշունչը»
Տրամադրուեցաւ Յունահայ Աշակերտներուն

FullSizeRender[3]Նախաձեռնութեամբ Աստուածաշունչի Արաբական ծոցի երկիրներու ընդհ. քարտուղար Հրայր Ճէպէճեանի, հովանաւորութեամբ ու համագործակցութեամբ Յունաստանի Ազգային առաջնորդարանի, ազգային Սոֆիա եւ Լեւոն Յակոբեան եւ Զաւարեան դպրոցներու 5 – 9 տարեկան աշակերտներուն տրամադրուեցան «Հայ մանուկին անձնական Աստուածաշունչը» արեւմտահայերէն պարզ լեզուով գրուած: Հրայր Ճէպէճեանի նախաձեռնութեամբ 300 օրինակներ տրամադրուեցան Յունաստանի թեմին:

Երկուշաբթի, 20 հոկտեմբերի առաւօտուն, յաջորդաբար նախ Սոֆիա Յակոբեան եւ ապա Զաւարեան դպրոցներուն մէջ Հ. Ճէպէճեան Յունաստանի Հայոց թեմի առաջնորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանի եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ վերապատուելի Վիգէն Չոլաքեանի ընկերակցութեամբ, տնօրէնութեան  եւ ուսուցչական կազմերուն հետ առանձին հանդիպումներ ունեցան` բացատրելով մանկավարժական եւ դաստիարակչական նոր մեթոտով գրուած սոյն Աստուածաշունչի կիրարկումին անհրաժեշտութիւնը:

Յայտնենք, որ սոյն աստուածաշունչերը տրամադրուեցան Միջին Արեւելքի բոլոր գաղութներուն եւ Յունաստանի պարագային` Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ, Գալփաքեան վարժարանին եւ Թեսաղոնիկէի Ծաղկոց վարժարանին:

Երեքշաբթի, 21 հոկտեմբերի կէսօրին Հրայր Ճէպէճեան, ընկերակցութեամբ վեր. Վիգէն Չոլաքեանի, պաշտօնական այցելութիւն մը տուին Ազգային առաջնորդարան, ուր հանդիպում ունեցան առաջնորդ հօր հետ:

 

Ուրուկուէյ

Էրեբունի Թանգարանը Հասաւ Մոնթէվիտէօ

Uruguay_tankaranՆերսէսեան հիմնարկութեան «Երուանդ Քսաճըքեան» ազգային վարժարանի վերջին  դասարաններու սաները, իրենց մայրենի լեզուի դասատու Աննա Մարիա Մահսէրէճեանի աջակցութեամբ, 2011-2013 կրթական տարեշրջաններու ընթացքին, նախաձեռնեցին դասարանային եւ արտադասարանային ծրագիր մը` «Վարժութիւն եւ ծառայութիւն» անուան տակ, որ կը նպատակադրէր սերտել մեր դարաւոր պատմութեան զանազան երեսներն ու անոնց կարեւոր դէպքերը եւ զանոնք ներկայացնել ամավերջի հանդէսին` ցուցահանդէսով մը: Այդ երկու տարիներու ընթացքին Արտաշիսեան Հարստութենէն մինչեւ կիլիկեան հայկական պետութիւն, զանազան ցուցահանդէսներ կազմակերպեցին կրթարանին մէջ:

Վերջերս Երեւանի մասին ցուցահանդէս մը պիտի պատրաստէին եւ հետաքրքրուեցան Էրեբունի թանգարանին մէջ տեղ գտած նմուշներուն եւ հնագիտական պեղումներու ընթացքին յայտնաբերուած պատմական փաստերով: Առ այդ, խնդրեցին իրենց ուսուցչուհի Աննա Մարիա Մահսէրէճեանէն, որ կապ հաստատէ Էրեբունի թանգարանի պատասխանատուներուն հետ` աոաջարկելով Էրեբունիի մասին մեծ ցուցահանդէս մը կազմակերպել վարժարանէն դուրս, համագործակցաբար Մոնթէվիտէոյի Արուեստի պատմութեան թանգարանին հետ:

Ուսուցչուհին ընթացք տալով իր աշակերտներուն առաջարկին` կապ հաստատեց Մոնթէվիտէոյի Արուեստի պատմութեան թանգարանի տնօրէնին հետ, որ մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց` յատուկ բաժին մը յատկացնելու Էրեբունիի պատմութեան: Ապա Էրեբունիի թանգարանի պատասխանատուներուն տեղեակ պահելով` խնդրեց, որ իրենց կարգ մը նմուշներ եւ պատմական տուեալները փոխանցեն ցուցահանդէս մը կազմակերպելու համար:

Էրեբունիի մասնագէտները ընդառաջելով` պատրաստեցին ցուցահանդէսին անհրաժեշտ նիւթեր:

Արդարեւ, հովանաւորութեամբ Հայաստանի դեսպանութեան, Ուրուկուէյի մշակոյթի նախարարութեան եւ Մոնթէվիտէոյի քաղաքապետարանին վերջերս կազմակերպուեցաւ «ՀԱՅ  ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ՀԱՐՈՒՍՏ ԱՆՑԵԱԼԸ» խորագիրը կրող ցուցահանդէսը` Մոնթէվիտէոյի Արուեստի պատմութեան թանգարանին մէջ:

Էրեբունիի թանգարանէն բերուեցան շարք մը նմուշներ` Արին Բերդի մէջ կատարուած պեղումներէն, տասնեակէ մը աւելի հսկայ պաստառներ, երեք լեզուներով, հայերէն, անգլերէն եւ սպաներէն, մանրակրկիտ բացատրութիւններով եւ նկարներու ընկերակցութեամբ:

Ցուցահանդէսը, որ Մոնթէվիտէոյի Արուեստի պատմութեան թանգարանին նուիրեց Էրեբունիի թանգարանը, պիտի տեւէ մինչեւ նոյեմբեր ամսուան վերջը, որմէ ետք իր տեղը պիտի գրաւէ թանգարանին մէջ նոր բացուելիք բաժինով, «Ուրարտուի թագաւորութիւնը» անուան տակ:

 

Միացեալ Նահանգներ

Անի Քերոբեանին Նուագահանդէսը Ի Նպաստ
Քաղցկեղէ Տառապող Երեխաներուն

Վերջերս Քալիֆորնիոյ համալսարանի Ըրվայնի մասնաճիւղի «Ուինֆրետ Սմիչ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դաշնակահարուհի Անի Քերոբեանին նուագահանդէսը` ի նպաստ քաղցկեղով հիւանդ երեխաներուն: Ան  մեկնաբանեց Պրամսի, Ռախմանինովի, Լիստի, Շումանի եւ Ճելալեանի ստեղծագործութիւններէն: Ձեռնարկին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ սրնգահար Չինկ Էի Ճուտի:

Յայտնենք, որ Անի Քերոբեան ունեցած է զանազան բարեսիրական նուագահանդէսները` Լիբանանի, Երեւանի, Ֆրանսայի, Քանատայի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ:

Առաջնորդ Սրբազանը Կը Շնորհաւորէ
Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի Նորընտիր
Նախագահ Քեւին Տը Լիոնը

2288Հոկտեմբեր 15-ին, «Ուոլթ տիզնի քոնսըրթ հոլ»-ին մէջ տեղի ունեցաւ Քալիֆորնիոյ ծերակոյտի նորընտիր նախագահ Քեւին Տը Լիոնի պաշտօնի ստանձման արարողութիւնը:

Առաջնորդ սրբազանը հրաւէր ստացած էր ներկայ ըլլալու արարողութեան, սակայն չկրցաւ ընդառաջել, որովհետեւ հանդիսութիւնը կը զուգադիպէր Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի հետ ժողովրդային հանդիպումին:

Առ այդ, սրբազանը շնորհաւորական գիր մը յղեց ծերակուտական Տը Լիոնին եւ յանուն թեմի հոգեւորականաց դասուն, Ազգային վարչութեան եւ հաւատացեալներուն` շնորհաւորեց նորընտիր նախագահը, նշելով, որ ան հաւատարմութեամբ ու պատուաւոր կերպով տարած է իր  ծառայութիւնները` իբրեւ Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի երկու տուներուն անդամ  եւ յոյս յայտնեց, որ նմանապէս պատուաբեր ընթացքով պիտի շարունակէ իր  աշխատանքը` իբրեւ ծերակոյտի նախագահ: Առաջնորդ սրբազանը նաեւ գոհունակութիւն յայտնեց հայ համայնքին հետ անոր բարեկամութեան եւ գործակցական կապերուն համար:

Արժանի Յարգանք Տարեցներուն Եւ
Թարգմանիչ Հայրերուն

1009_eldersԸնդառաջելով Արամ Ա. կաթողիկոսի տարեսկիզբի պատգամին, որ 2014-ը կը հռչակէր «Տարեցներու տարի», Ազգային առաջնորդարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինը 9 հոկտեմբերին Ազգ. առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ կազմակերպեց  յատուկ հանդիսութիւն մը, որ ֆիզիքական սնունդի կողքին հոգեկան սնունդ ալ տրամադրեց աւելի քան 100 մասնակիցներուն` այսպիսով պահպանելով տարիներէ ի վեր հաստատուած աւանդութիւն մը:

Օրուան բանախօս, բազմավաստակ դաստիարակ եւ Շամլեան վարժարանի ուսուցչուհի Անի Պէրպէրեան յիշատակելով վեհափառ հայրապետին «Տարեցներու տարուան» պատգամը` կեդրոնացաւ անոր չորս գլխաւոր մտածումներէն երկուքին` տարեցները յարգելու եւ զանոնք գնահատելու, անոնց հանդէպ հոգածու ըլլալու յորդորներուն վրայ:

Այնուհետեւ  գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը` կատարողութեամբ  «Շամլեան»ի 7-րդ եւ 8-րդ կարգի աշակերտներուն:

Աւարտին, առ ի գնահատանք աշակերտներու մատուցումներուն, առաջնորդ սրբազանը անոնց նուիրեց «Մայրերու տարուան» առիթով Ազգ. առաջնորդարանի հրատարակութիւններէն` Սարգիս Փանոսեանի կազմած «Ձօն հայ մայրերուն» գրքոյկէն օրինակներ:

Ձեռնարկին եզրափակիչ խօսքը արտասանեց առաջնորդը: Ան հանգամանօրէն կանգ առաւ այն իրողութեան վրայ, որ այս ձեռնարկը մտածուած ձեւով կազմակերպուած է Թարգմանչաց տօնի նախօրեակին` լուսարձակի տակ բերելու համար թարգմանիչներուն եւ տարեց սերունդի դերերուն զուգորդութիւնը` մեր ժողովուրդին ու անհատական կեանքերուն մէջ: Առաջնորդը անդրադարձաւ թարգմանիչ հայրերու դերին եւ ներգործութեան` քրիստոնեայ հայուն կերտումին ու պահպանումին մէջ:  Ան հաստատեց, որ երէցները նաեւ եղած են պահապաններն ու ուսուցողները կարգի ու կանոնի, օրէնքի, պատմութեան, սորվեցուցած են աղօթել եւ հաւատարիմ ըլլալ աւանդներուն ու ազգային արժէքներուն: Առաջնորդը իր խօսքը եզրափակեց` մաղթելով, որ դարերէն եկող արժէքները ժառանգուին ու նոր սերունդերը տէր կանգնին անոնց:

Հայ Օգնութեան Միութիւնը Կը Ստանայ Բերիոյ
Հայոց Թեմի Ծառայութեան Շքանշանը

1022_ARSՉորեքշաբթի, հոկտեմբեր 22-ին, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը Պոսթոնի մէջ գումարած իր լիագումար ժողովի ընթացքին հանդիպում ունեցաւ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանին եւ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չօլոյեանին հետ:

Երեկոյեան Ուաթըրթաունի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ սրահին մէջ սուրիահայութեան կացութեան իր հրապարակային զեկոյցի առիթով, Շահան արք. Սարգիսեանը, յանուն հայոց թեմի Ազգային վարչութեան եւ համայն ժողովուրդին, Հայ օգնութեան միութեան շնորհեց Բերիոյ հայոց թեմի «Ծառայութեան» շքանշանը` առ ի երախտագիտութիւն Սուրիոյ տագնապալի օրերուն սուրիահայութեան տրամադրած մարդասիրական, բարեսիրական եւ կրթական նպատակային ու անմիջական օժանդակութիւններուն:

Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջանաւարտից
Միութեան Կորիզներ` Միացեալ
Նահանգներու Տարբեր Նահանգներու Մէջ

jem35Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան Միացեալ Նահանգներու Պոսթոն շրջան տուած այցելութեան առիթով հանդիպում մը ունեցաւ Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարանի շրջանաւարտներուն հետ: Հանդիպման ներկայ էին նաեւ ՖիլատելՖիայէն եւ Ուաշինկթընէն ճեմարանի շրջանաւարտներ, ճեմարանի 35 տարիներու վաստակաւոր ուսուցիչ ու ԱՔԵՃ-ի Շրջանաւարտից միութեան Պոսթոնի մասնաճիւղի ատենապետ` Կարպիս Գոճանեան: Հանդիպման ընթացքին ներկաները սրբազան հօր հետ զրուցեցին Հալէպի Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարանի ուսումնական ընթացքին, աշակերտներու, տնօրէնութեան եւ կրթական մշակներու անկոտրում կամքին ու ճեմարանին զօրակցելու իրենց պատրաստակամութեան շուրջ: Անոնք հաստատեցին ճեմարանի էական դերն ու կարեւորութիւնը` սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան նուիրական գործին մէջ:

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ոչ միայն վերաշխուժացնելու ԱՔԵՃ-ի Շրջանաւարտից միութեան Պոսթոնի մասնաճիւղը, այլեւ` հիմնելու նոր կորիզ մը Արեւելեան Ամերիկայի մէջ:

Շեշտուեցաւ, որ շրջանաւարտներուն պարտականութիւնն է առնուազն կապի մէջ մնալ ներկայ ճեմարանականներուն հետ ու երկրի ծանր պայմաններուն մէջ թեւ ու թիկունք կանգնիլ ճեմարանին ու ճեմարանականներուն:

Սան Ֆրանսիսքոյի Համայնքը Կը Մեծարէ
Երկու Արժանաւոր Հայորդիներ

1004_barkevadroumՍան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին 4 հոկտեմբերին «Խաչատուրեան» հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ մեծարեց իր համայնքի հիմնադիր անդամներէն Նարեկ Ա քհնյ. Շրիգեանը եւ Խաժակ Սարգիսեանը:

Ընթրիքին ընթացքին տեղի ունեցաւ խտասալիկի ցուցադրութիւն, որ կը բովանդակէր երկու երախտաւորներուն հանրային թէ ընտանեկան կեանքերէն յիշատակելի պատկերներ: Ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը:

Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան անունով Ռոստոմ Այնթապլեան անդրադարձաւ մեծարեալներուն եկեղեցաշինական, կրթական եւ քաղաքական գործադաշտերուն մէջ իրագործած նուաճումներուն, եւ հիմնադրական աշխատանքներուն, ապա  Նարեկ Ա. քհնյ. Շրիգեանի շնորհեց «Հոգեւոր եւ նիւթեղէն տաճարներու շինարար» տիտղոսը, իսկ Խաժակ Սարգիսեանին` «Սան Ֆրանսիսքոյի եւ Ծովածոցի հայ գաղութի կնքահայր» տիտղոսը:

Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեան դրուատեց օրուան մեծարեալներն ու անոնց նուիրումի անշահախնդիր ծառայական կեանքը:

Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան բարձր գնահատեց ծխական համայնքին գործունէութիւնը: Անդրադառնալով օրուան մեծարեալներուն` ան մաղթեց, որ անոնց ծառայական կերպարը օրինակելի խթան հանդիսանայ բոլորին, որպէսզի շէն մնայ մեր ազգային-եկեղեցական կեանքը: Սրբազան հայրը իր խօսքի աւարտին բեմ հրաւիրեց հովիւն ու հոգաբարձութեան ատենապետը` մեծարեալները պարգեւատրելու համար: Այս աննախընթաց պարգեւատրումը պատմական պահ մըն էր, որովհետեւ իր տեսակին մէջ եզակի երեւոյթ էր գաղութի կեանքին մէջ, եւ սկիզբ` գալիք տարիներուն եւս պարգեւատրելու գաղութիս արժանաւոր զաւակները: Շքանշանը հետեւեալ գրութիւնը կը կրէր` «Սան Ֆրանսիսքոյի համայնքի վերելքին սատարման եւ օրինակելի ծառայութեան պատուանշան»:

Կիրակի, 5 հոկտեմբերին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ  մատուցուեցաւ Ս. պատարագ:  Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ գնահատեց բոլորին ներկայութիւնը, ինչպէս նաեւ յատուկ կերպով գնահատեց գործունէութիւնը ծխական համայնքի վարչակազմին` հոգաբարձութեան, երեսփոխաններուն, տիկնանց միութեան եւ յարակից միութեանց:

 

Ռումանիա

Հայաստանի Պատմութեան Նուիրուած
Ցուցահանդէս

7795292015-ին Ռումանիոյ Արուեստի ազգային թանգարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի պատմութեան նուիրուած մեծ ցուցահանդէս մը:

Ցուցահանդէսի նախապատրաստական աշխատանքներուն վերաբերող հարցեր քննարկուեցան ցուցահանդէսը համակարգող ֆրանսաբնակ հայագէտ Քլոտ Մութաֆեանին եւ Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանին միջեւ հանդիպման ընթացքին: Մութաֆեան ներկայացուց արդէն կատարուած եւ հետագային կատարուելիք աշխատանքները:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )