Հայր Անտոն Ծ. Վրդ. Ադամեան Այցելեց «Ազդակ»
Հիւսիսային Ամերիկայի հայ կաթողիկէ թեմի ընդհանուր փոխանորդ հայր Անտոն Ծ. վրդ. Ադամեան, Լիբանանի Հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ հայր Գէորգ Ծ. վրդ. Եղիայեան եւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ երէկ այցելեցին «Ազդակ»-ի խմբագրատուն եւ տեսակցեցան տնօրէնութեան հետ:
Հայր Անտոն Ծ. վրդ. Ադամեան զեկուցեց հիւսիսային Ամերիկայի հայ կաթողիկէ թեմի աշխատանքներուն մասին:
Հիւրերը հաստատեցին, որ 12 ապրիլ 2015-ին, Վատիկանի Ս. Պետրոս Մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցուի հայածէս սուրբ պատարագ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. հոգեւոր տիրոջ կողմէ, պատարագին պիտի նախագահէ Ֆրանչիսկոս պապը:
Հանդիպումը առիթ էր նաեւ խորհրդակցելու հայ կաթողիկէ համայնքներու կողմէ տարբեր երկիրներու մէջ տարուող աշխատանքներուն մասին:
CATEGORIES Գաղութային

