ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼ. ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՔՈԼԵՃ
Հայ աւետարանական քոլեճի տնօրէնութիւնը կը քաջալերէ աշակերտներուն գրական-ստեղծագործական շնորհները` իր ուրոյն մշակութային նախաձեռնութեամբ: Հոս կազմուած են ակումբներ` Սուրբ Գիրքի ակումբ, պատմութեան ակումբ, հայկական ակումբ: Աշակերտները կը կատարեն սերտողութիւններ, ուսումնասիրութիւններ, կը գրեն շարադրութիւններ` հայերէն եւ անգլերէն:
Յիշեցինք անունները ակումբներու, որոնք ըստ իրենց թեմային, կ՛ունենան պարբերաթերթ մը, ուր կը տպուին տուեալ նիւթերու յատուկ պատմական, Սուրբ Գրային եւ գրական-հայկական նիւթեր:
2010-2011 կրթական տարեշրջանին լոյս տեսած են երեք պարբերաթերթեր, յունիս ամսուն: Թղթատեցինք այս պարբերաթերթերը եւ ուրախացանք, որ քոլեճին աշակերտները, առաջնորդութեամբ իրենց տնօրէնին եւ ուսուցիչներուն, կարողացած են որոշ աշխատանքներ ներկայացնել Սուրբ Գիրքի, հայոց պատմութեան եւ հայոց լեզուի մշակման առնչուած:
Ստացած ենք երեք ակումբներու պարբերաթերթերը` նոյն ժամանակաշրջանին լոյս տեսած, ամավերջի օրերուն:
Սուրբ Գիրքի սերտողութեան նուիրուած պարբերաթերթին մէջ աշակերտներ կատարած են վերլուծումներ, Հին եւ Նոր Կտակարաններէն: Սուրբ Գրային ընթերցումներէն քաղուած իրենց տպաւորութիւնները շարադրած են աշակերտները` ընտելանալով քրիստոնէական սկզբունքներուն հաւատարիմ մնալու:
«Գառնի» անունը կրող պարբերաթերթը կը վերաբերի քոլեճի հայկական ակումբին, որուն 26 էջերուն տպուած են շարադրութիւններ: Քոլեճի հանգուցեալ վաստակաշատ հայագէտ ուսուցիչ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի յիշատակին նուիրուած է այս թիւը: Պարոն Արտաշէսին յիշատակը վառ կը մնայ քոլեճին մէջ, ամէնամեայ շարադրութեան մրցանքով:
«Անի» պարբերաթերթը վերապահուած է հայոց պատմութեան: Այս թիւով նկատի առնուած են հայոց պատմութեան 19-20-րդ դարերը: Թեման Հայկական հարցն է, մասնաւորաբար` քաղաքական դաշնագիրները: Քրիստոսէ առաջ 66 թուականի Արտաշատի պայմանները հարցով: Կը շարունակուի ցանկը դաշնագիրներու. յաջորդը` Նուարսակի դաշնագիրն է, 481 Ք. Ե. թուականին: Յաջորդաբար կը յիշուին, առանձին գրութիւններով, եօթը դաշնագիրներ` հետեւեալ շարքով. Թիւրքմենչայի դաշնագիրը (1828), Սան Սթեֆանոյի եւ Պերլինի դաշնագիրները (1878), Պրեսթ Լիթովսքիի դաշնագիրը (1918), Սեւրի դաշնագիրը (1920), Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրը (1920), Կարսի դաշնագիրը (1921):
Կը գիտակցինք անշուշտ, թէ աշակերտական այս անդրադարձները օգտակար են, գոնէ` մեր պատմութեան ընթացքին Հայաստանի եւ եւրոպական պետութիւններու միջեւ կատարուած բանակցութիւնները իմանալու: Թուականներ եւ անուններ, որոնք կարեւոր են նոր սերունդին յիշողութիւնը արթուն պահելու համար:
Օգտակար նախաձեռնութիւն մըն է այս: Հայ աւետարանական քոլեճի տնօրէնութիւնը կը պահէ նման աւանդութիւններ` հակառակ քոլեճին ենթարկուած ճգնաժամային դժուարութիւններուն, լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին հետեւանքով, պատճառ դառնալով աշակերտութեան թիւին նուազումին:
Յիշենք, որ քոլեճը կը հրատարակէ տարեկան իր «Սիփան» ալպոմ-տարեգիրքը` տեղեկատուական բովանդակութեամբ, նկարազարդ:
Ս. Պ.

