Առեւանգուած Բանակայիններուն Ընտանիքները Կը Սպասեն Աւետիսի Մը

kidnapped-soldiersԱռեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները, որոնք Ռիատ Սոլհի հրապարակին վրայ կը շարունակեն իրենց բողոքի նստացոյցը, տակաւին կը սպասեն իրենց զաւակներուն վերաբերող աւետիսի մը:

Այս առումով, անոնք կը հետեւին Լիբանան ժամանած քաթարցի բանագնացին բանակցութիւններուն եւ կը յարգեն Լիբանանի կառավարութեան տուած իրենց խոստումը` իրենց որդեգրելիք մագլցողական քայլերը 48 ժամով յետաձգելու առումով:

Անկախ շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերէն, թէ քաթարցի բանագնացը Արսալէն Պէյրութ վերադարձած է, թէ ոչ, առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները հաստատեցին, որ 48 ժամ անցնելէ ետք իրենք մագլցողական քայլեր պիտի որդեգրեն:

Երէկ երեկոյեան կատարուեցան այնպիսի յայտարարութիւններ, թէ քաթարցի բանագնացը Արսալի բարձունքներուն վրայ հանդիպում ունեցած է ՏԱՀԵՇ-ի պատասխանատուներուն հետ, ինչպէս նաեւ Ժապհաթ Նուսրայի Քալամունի պատասխանատու Ապու Մալեք Թալլիի հետ:

Անպաշտօն աղբիւրներ նշեցին, որ քաթարցի պատուիրակը ստացած է պահանջագիր մը, սակայն լիբանանեան պաշտօնական աղբիւրներ հերքեցին պահանջագիր ստացած ըլլալու այդ լուրը:

Միւս կողմէ, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմին մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ ան նեղացած է առեւանգուած բանակայիններու թղթածրարին մասին կատարուող ապատեղեկատուութիւններէն եւ անճիշդ յայտարարութիւններէն, որոնք դրսեւորուած էին առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքներուն կողմէ:

Նոյն աղբիւրները շեշտեցին, որ Ապպաս Իպրահիմ սպառնացած է հրաժարիլ այդ թղթածրարէն եւ չմիջամտել անոր լուծման, եթէ նման յայտարարութիւններ շարունակուին:

Իպրահիմի մօտիկ աղբիւրները ընդգծեցին, որ ան յանձնարարած է լուռ աշխատիլ այդ թղթածրարին վրայ եւ գաղտնապահութիւնը պահպանել, որպէսզի կարելի ըլլայ բանակցութիւններուն հեզասահ ընթացքը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES