ԼԵՀԱԿԱՆ ՖՈՒԹՊՈԼ. ՊԱՊԻԿԵԱՆ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ ՆԿԱՏԻ ԱՌՆՈՒԱԾ ԵՆ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ

Հայաստանի 19 տարեկանէն վար կրտսերներու ֆութպոլի հաւաքականին մաս կազմելու համար նկատի առնուած թեկնածու Աղուան Պապիկեան (17 տարեկան), ինչպէս նաեւ անոր եղբայրը` Վոլոտիա (18 տարեկան), նկատի առնուած են իրենց մասնակցութիւնը բերելու Լեհաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 2011-2012 տարեշրջանին, յայտնեց անոնց ակումբին` լոցի պաշտօնական կայքէջը:

Նշենք, որ վերջերս Աղուան Պապիկեան հրաւիրուած էր մաս կազմելու Հայաստանի 19 տարեկանէն վար կրտսերներու հաւաքականին կատարելիք ուսումնամարզական հաւաքին, սակայն անոր ակումբը ատոր համար արտօնութիւն չէր տուած այդ ժամանակ:

Share this Article
CATEGORIES