«Հայերը 2115-ին» Նիւթով Ռազմավարական Սեմինար

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքը հայ ղեկավարներու երկօրեայ եզակի սեմինար մը հիւրընկալեց` ապագայի տեսիլքով: Յատուկ հրաւէրով կազմակերպուած հոկտեմբեր 13-14-ի հաւաքոյթը բարձր մակարդակի համախմբում մըն էր, ուր ռազմավարական քննարկումներ տեղի ունեցան առանձնացած միջավայրի մը մէջ:
Մասնակիցներուն կիզակէտը հայաշխարհը յուզող ու ձեւաւորող միտումներն էին: Հայութեան վրայ ներգործող բանալի հարցեր, ինչպէս` Թուրքիոյ, Ռուսիոյ, Ազրպէյճանի, Վրաստանի, Եւրոպայի, Միջին Արեւելքի, Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններ, ուրուագծուեցան մասնագէտ համակարգողներու կողմէ:
Քննարկուած հարցերուն շարքին էին` սփիւռքի յարաբերութիւնը Հայաստանի կառավարութեան ու քաղաքացիական ընկերութեան հետ, դիմակայումը Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի հետ, սփիւռքեան համայնքներու պահպանման հեռանկարները եւ ինքնութեան բանաձեւումներ եւ այլն: Անոնք փոխկապակցուած էին ապագայի հնարաւոր բեմագրութիւններու հետ, որոնք կը ներառեն` ռուսական ազդեցութիւնը Հայաստանի մէջ, Թուրքիոյ ժողովրդավարական զարգացումը, Ազրպէյճանի հետ պատերազմի սպառնալիքը, միջինարեւելեան հակամարտութիւններու ներգործութիւնը հայոց վրայ եւ Եւրոպական Միութեան ներքին հոլովոյթները:
Սեմինարին մասնակցող քառասուն անձերը կը ներկայացնէին աշխարհասփիւռ հայութեան բոլոր շրջանները` Եւրոպա, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներ, Թուրքիա, Միջին Արեւելք, Ռուսիա եւ անշուշտ` Հայաստան: Սփիւռքի մտաւորական ու համայնքային գլխաւոր միտումները ամբողջութեամբ ներկայ էին: Որոշ ոչհայ մասնագէտներ հրաւիրուած էին որպէս համակարգողներ:
Բոլոր մասնակիցները համաձայն էին, որ ժողովը հիմնական կարեւորութիւն ունէր, եւ որ քննարկումները պէտք է շարունակուին կանոնաւոր կերպով: Առաջարկուեցաւ, որ նախաձեռնութիւնը ժողովներու շարքի մը վերածուի, նման` Տաւոսի միջազգային տարեկան հաւաքոյթին, ռազմավարութեան շուրջ վիճելու, գործունէութիւն համադրելու եւ տեղեկութիւններ կիսելու համար:
«Այդպիսի ընտիր եւ այլազան խումբ մը մարդոց մէկտեղումը սենեակի մը մէջ, հայ ժողովուրդի` հայրենիքի եւ սփիւռքի ապագան քննարկելու համար, իսկական առանձնաշնորհում մըն էր եւ եզակի փորձառութիւն մը», յայտնեց «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հոգաբարձու եւ սեմինարի հիւրընկալողներէն Մարթին Էսայեան:
«Մասնակիցներէն շատերը պատրաստ են շարունակելու իրենց յանձնառութիւնը եւ շնորհաւորեցին հիմնարկութիւնը` հաւաքոյթը կազմակերպելուն համար: Ժողովը որոշ կերպով ցոյց տուաւ Հայկական համայնքներու բաժանմունքին նոր ուղղութիւնը` որպէս դերակատար ու համախմբող, աւելի քան պարզ նուիրատու մը` հայաշխարհին»:
Սեմինարի արձանագրութիւններուն տեղեկագիրը պիտի հրատարակուի հետագային:
Սեմինարի մասնակիցներն էին` Մ. Էսայեան եւ Ռ. Փանոսեան (հիւրընկալներ), Փ. Ագըլեան, Ա. Անտոնեան, Ռ. Արտալճեան, Ն. Աֆէեան, Ճ. Գարասլանեան, Ռ. Գէորգեան, Մ. Գրիգորեան, Ն. Դաւիթեան, Է. Զօրեան, Խ. Թէօլէօլեան, Ա. Իշխանեան, Ժ. Լիպարիտեան, Ք. Խաչիկեան, Ֆ. Մ. Կէօչեք, Ճ. Հիւզ, Ս. Ղազարեան, Օ. Ղազարեան, Է. Ճէրէճեան, Ռ. Մարկոսեան, Վ. Ս. Մարքես, Ս. Միրոնիւք, Վ. Յովսէփեան, Ա. Նալճը, Ա. Չալապեան, Վ. Չեթերեան, Հ. Չիլինկիրեան, Հ. Չոպոյեան, Գ. Պարտագճեան, Պ. Պուսեթօ, Ա. Ջիլաւեան, Ս. Սամուէլեան, Ս. Սիմոնեան, Խ. Տէր Ղուկասեան, Տ. Տինք, Ս. Փանոսեան, Վ. Փափազեան, Թ. տէ Վաալ եւ Ռ. Վարդանեան:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար գրել [email protected] հասցէին կամ հեռաձայնել (+351) 21-782-3429 թիւին:
(Թղթակցութիւնը`
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութենէն, Լիզպոն)

