Արամ Մանուկեանի Ծննդեան 135-Ամեակի Նշում
Չորեքշաբթի, 29 հոկտեմբերին, Արամ Մանուկեանի ծննդեան 135-ամեակի առիթով Արամ Խաչատրեան անուան համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման ձեռնարկ եւ համերգ:
Ձեռնարկը Տէրունական աղօթքով բացաւ Մայր աթոռի միաբան Թորգոմ վրդ. Տօնիկեան: Այնուհետեւ Արամ Մանուկեանին նուիրուած զեկուցումներով հանդէս եկան «Զօրավար» հիմնադրամի տնօրէն, Խաչատուր Աբովեանի անուան Մանկավարժական համալսարանի գրադարանի տնօրէն, պատմաբան Տիգրան Պետրոսեանց եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Մամլոյ դիւանի պատասխանատու Արտաշէս Շահբազեան:
Զեկուցումներուն յաջորդեց համերգային բաժինը, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան երգիչներ Սահակ Սահակեան, Արսէն Գրիգորեան (Մրօ), Արսէն Համբարեան, ոստիկանութեան Մշակոյթի տան երգի-պարի խումբերը, «Կարին» աւանդական երգի-պարի խումբը եւ ուրիշներ:
Ձեռնարկը կազմակերպած էր «Զօրավար» հիմնադրամը:

